Յոբելեան, Փառատօն, Խելացի Կանգառ. Էջմիածինը Կը Բարեկարգուի

Այլեւայլ, Հայաստան

Էջմիածին քաղաքին մէջ այս տարի կը նախատեսուի իրականացնել շարք մը ծրագրեր՝ աւելի զարգացնելու ենթակառուցուածքները, բարեկարգելու քաղաքի արտաքին տեսքը, ճանապարհները եւ այլն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է Էջմիածնի քաղաքապետ Տիանա Գասպարեան:

«Այս պահուն մենք Կառավարութիւն ուղարկած ենք դրամական օգնութեան 3 ծրագիր, կը սպասենք հաստատման: Ծրագրերէն մէկով պիտի կատարուին քաղաքի երկու մեծ ու կարեւորագոյն փողոցներու ասֆալտապատումը, եզրաքարերու փոփոխումն ու ջրահեռացումը, միւսով՝ պիտի անցնի ծայրամասային թաղամասերէն մէկուն կոյուղագիծը, երրորդով պիտի սալիկապատուին կեդրոնական հատուածի փողոցներու մայթերը: Ծրագրերը պիտի իրականացուին 45-50 տոկոսի չափով համատեղ նիւթական աջակցութեամբ»,- նշած է Գասպարեան:

Անդրադառնալով միջազգային համագործակցութեան՝ Էջմիածնի քաղաքապետը շեշտած է, որ իրենք կը շարունակեն աշխատանքներ իրականացնել իրենց գործընկերներուն հետ:

«Անցեալ տարի Ֆրանսայի կառավարութեան աջակցութեամբ մենք ներդրեցինք ներքաղաքային փոխադրամիջոցը եւ մէկ խելացի կանգառ: Յոյս ունինք, որ այս տարի նոյնպէս պիտի կարողենանք շարունակել այդ ծրագիրը: Հաւանաբար, այս տարի Գանատայի քաղաքներէն մէկուն հետ պիտի կնքուի քոյր քաղաք դառնալու համաձայնագիր: Փորձի փոխանակման ծրագրերով այս տարի Էջմիածնէն պատուիրակութիւն պիտի մեկնի ԱՄՆ։ Կը կարծեմ՝ այնտեղ նոյնպէս հնարաւոր պիտի ըլլայ նոր համաձայնութիւններ ձեռք բերել եւ Հայաստան վերադառնալ մեծ հեռանկարներով»,- ընդգծած է Գասպարեան:

Այս տարուան ընթացքին Էջմիածնի մէջ կը նախատեսուի տեղադրել 3-4 խելացի կանգառ, որոնք շատ յարմար են յատկապէս զբօսաշրջիկներու համար եւ յագեցած են անհրաժեշտ տեղեկատւութեամբ:

Քայլեր կը ձեռնարկուին նաեւ ճաշարանային, հիւրանոցային գործարարութեան զարգացման ուղղութեամբ:

«Անցեալ տարի մենք իրականացուցած ենք «քիւֆթա»-ի փառատօն, որ մեծ արձագանգ ունեցաւ, այդ իսկ պատճառով պիտի կրկնենք զայն:

Այս տարի շուքով պիտի նշենք Էջմիածնի 2705-ամեակը եւ այս առումով կը  նախատեսենք սերտօրէն աշխատիլ զբօսաշրջական գործակալութիւններու հետ»,- ընդգծած է Գասպարեան եւ աւելցուցած, որ պիտի փորձեն բարեկարգել քաղաքի պուրակները եւ կառուցել նորերը: