Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» Համալսարանէն Ներս Կը Կազմակերպուին Գրաբարի եւ Արեւմտահայերէնի Դասընթացներ

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» պետհաւատարմագրուած համալսարանին մէջ գործող «Արեւմտահայերէնի, հայագիտութէան գիտահետազօտական Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան կեդրոն»-էն ներս, Մարտի 2-էն պիտի սկսին գրաբար եւ արեւմտահայերէն (առցանց), արեւմտահայ գրականութիւն, հայկական հարցի պատմութիւն եւ սփիւռքահայ գրականութիւն առարկաներու անվճար հիմունքներով եռամսեայ դասընթացները: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը՝ վկայակոչելով կեդրոնի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Ամալիա Գրիգորեանի տեղեկութիւնները:

Գրիգորեանի խօսքով՝ դասընթացներուն կրնան մասնակցիլ դպրոցներու բարձր դասարաններու գերազանց կամ լաւ սորվող աշակերտներ, համալսարաններու ուսանողներ, ուսումնական հաստատութիւններու մէջ աշխատող ուսուցիչներ` որակաւորման բարձրացման նպատակով:

«Ուսումնառութեան եւ դասաւանդման մեթոտները կը համապատասխանեն ժամանակակից պահանջներուն: Դասախօսութիւններով հադես պիտի գան Արցախի եւ արտերկրի լաւագոյն մասնագէտներ, գիտութեան, արուեստի եւ մշակոյթի փորձառու գործիչներ, նշանաւոր դէմքեր: Եռամսեայ դասընթացներու շրջանաւարտները Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» պետհաւատարմագրուած համալսարանին կողմէ պիտի ստանան համապատասխան վկայական: Ի դէպ, նման դասընթացներ կը կազմակերպուին միայն մեր համալսարանին մէջ»,- նշած է Ա. Գրիգորեան եւ աւելցուցած, որ դասընթացները կը կազմակերպուին երրորդ տարին անընդմէջ:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ փափաքողները կրնան մինչեւ Փետրուարի վերջը դիմում ներկայացնել Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանի ղեկավարութեան անունով: Մանրամասն տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել (047) 94-18-59, (047)94-14-29, (097) 30-89-86 թիւերուն: