Թումանեանի Թանգարանին Մէջ Բանաստեղծի 151-ամեակը Պիտի Նշուի

Այլեւայլ, Հայաստան

Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 151-ամեակին առիթով բանաստեղծի թանգարանին մէջ պիտի իրականանան շարք մը ձեռնարկներ: Փետրուար 19-ին՝ բանաստեղծի ծննդեան օրը՝ ձեռնարկները պիտի սկսին առաւօտեան 10:30-ին, հիւրասիրութեամբ եւ կենացներու մրցոյթով: Տեղի պիտի ունենայ գիրքերու տօնավաճառ: «Ռոտոնդա» ներառական թատերախումբը հանդէս պիտի գայ ներկայացումով, պիտի կայանայ «Ընտանեկան փոստարկղ» կրթական ծրագիրի շնորհանդէս:

Կէսօրին նախատեսուած է «Սիրունի՜կ, սիրունի՜կ» եւ «Ձեր ծանօթները» մանկական բանաստեղծութիւններու գունազարդ գիրքին շնորհանդէսը: «Կիկոսի մահը» եւ «Սուտլիկ որսկանը» ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ ներկայացումով հանդէս պիտի գան Երեւանի էստրադային եւ ճազային պետական քոլէճի սաները:

Տօնական օրը պիտի ամփոփուի «Տիեզերք» խումբին մենահամերգով: