Սերունդի Դաստիարակութեան Մասին` Գիտակից Ուսուցչի Իրաւունքով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ


Դրա համար էլ մենք մեր ակադեմական հատորներում հայոց պատմութեան այս վերջին տասնամեակների պատմութեան համար դեռ ժամանակ ենք թողել, որպէսզի կրքերը հանդարտուեն, եւ այդ ամբողջը քաղաքագիտութիւնից հրապարակախօսութիւնից վերածուի պատմութեան, եւ նոր արդէն ակադեմական շարադրանքով ներկայացնենք: Ընդգծ. Յ. Պ.

ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ,
ակադեմիկոս, Երեւան

Թէեւ այլեւս հայ կեանքի մէջ ոչինչ մեզ կը զարմացնէ, բայց Հայաստանի դպրոցներու պատմութեան դասագրքերուն մէջ տեղ գտած մեր անմիջական պատմութեան արձանագրութիւնը եւ ուսուցումը զարմանք պատճառեց, աւելի ճիշդ` տխրեցուց: Թէեւ առաջին անգամը չէր, որ կը հանդիպէի նման երեւոյթի: Աւելի քան կէս դար առաջ խմբագիր եւ քաղաքական գործիչ մը, որ միաժամանակ պատմութիւն կ’աւանդէր հայկական երկրորդական վարժարանի մը մէջ, իր խմբագրականները ամփոփած հատորը աշակերտներուն կողմէ որպէս վերամուտին գնուելիք դասագիրքերուն ցանկին վրայ արձանագրած էր: Այդ մասին գրած էի ուսուցչի պարտաբանութեանս (déontologie) անսալով:

Տեղեկացայ, որ Հայաստանի դպրոցներու պատմութեան դասագիրքերուն եւ ուսուցման ծրագրին մէջ վերջին երկու տարիներու քաղաքական իրադարձութիւնները եւ դէպքերը արդէն տեղ գտած են: Այսինքն, օրուան իշխանութիւնը, իր կրթութեան նախարարով, անմիջականը արդէն պատմութիւն կը համարէ` առանց սպասելու, որ ժամանակը խօսի, պատմաբանը ցորենը զատէ որոմէն, յստակացում տեղի ունենայ: Դպրոցը քաղաքական հայեացքներու հանդիսասրահ չէ, ոչ ալ` հեռատեսիլային վիճարկումներու բեմ: Հայ դպրոցին մէջ հայ մանուկը պիտի սորվի իր ժողովուրդի պատմութիւնը` իր ազգային ինքնութիւնը կերտելու համար, որ տարբեր որակ է անմիջական մրցակցութիւններէ: Դասարանի աշակերտները իրենց հայրերու տարբերութիւնները եւ վէճերը պիտի չսորվին որպէս պատմական գիտութիւն:

Շատ ալ հեռու չեն այն ժամանակները, երբ Խորհրդային Միութեան մէջ ընդունուած միտք էր, որ պատմութիւնը իր օղակը փակած էր, եւ խորհրդային կարգերը, եթէ վերջնական չէին, կոչուած էին տեւելու հազար տարի: Այսինքն, ինչ որ կ’ուսուցուէր խորհրդային դպրոցին մէջ, փոփոխելի չէր, վիճելի չէր, վարդապետութեան մը արտայայտութիւնը եղող կրթական համակարգը կը հպատակէր անյեղլի տեսութեան մը: Այդպէս էր նաեւ  նացիական միտքը, որ Երրորդ Ռայխը պիտի տեւէր հազար տարի…

Այս վերաբերումը դէմ կ’երթայ պատմութեան ուսուցման պարտաբանութեան եւ ուսուցիչին կը պարտադրէ այժմէական-անմիջականի կողմնորոշումներով նորահաս սերունդին ուղեղալուացք ընել: «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը անմիջական քաղաքական նոր կացութիւն մըն է` իր լոյս ու մութով, որուն մասին քննական պատմութիւնը իր խօսքը չէ ըսած, այսինքն թեր ու դէմ կարծիքներէ չէ մաքրուած, դատում չէ եղած: Իսկ այդ «յեղափոխութեան» իշխանութիւնը ինքզինքին չի կրնար ներել շրջանցելու քննական պատմութիւնը եւ չի կրնար անտեսել գալիք ժամանակի վճիռը: Այս երեւոյթը ինքնապանծացում է` դիրքի չարաշահումով: Պատմութիւնը ունի իր գիտնականները, որոնք կը դիտեն, կը դատեն եւ կը վճռեն:

Անսխալական եւ միակ ճիշդը ըլլալու խորհրդային «արեւային» վարդապետական վերաբերումները ծանօթ են: Այսօր, երբ դպրոցներու մէջ` որպէս պատմութիւն եւ գիտելիք, կ’ուսուցանեն անմիջական իրադարձութիւնները, չենք կրնար չմտածել ոչ հեռաւոր անցեալի մասին, երբ խորհրդային մտածողութիւնը կ’եզրակացնէր, որ իրմով կը փակուէր պատմութեան օղակը: Բնական հետեւութիւնն ալ այն կրնայ ըլլալ, որ ներկայի իշխանաւորները անփոխարինելի են, յաւերժական են:

Ֆրանսական խօսքը շատ դիպուկ է. «Գերեզմանատուները լիքն են անփոխարինելիներով», մեծ եւ պզտիկ:

Երբեմն իրատեսութիւն եւ քաջութիւն պէտք է ունենալ եւ խորհիլ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ծնունդ առած տարբեր ազգային հանրապետութիւններու մասին: Անոնցմէ ոմանք ղեկավարուեցան եւ կը ղեկավարուին եօթանսուն տարիներու ընթացքին արմատաւորուած սկզբունքներով եւ բարքերով, որոնց յատկանշականներէն է իշխանութեան դիրքի վրայ յաւերժացումը. անսխալականութիւն, անփոխարինելութեան, նախախնամականութիւն: Այս մտայնութիւնը կը տեւէ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ, որուն հետեւանքը նոյն դիրքի վրայ յաւերժացումն է: Հայաստան զերծ չէ այս  ախտէն, որ կը հակասէ ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններուն:

Այդպէս է մասամբ նաեւ սփիւռքը, ուր ականատես կ’ըլլանք անհատական եւ ընտանեկան յաւերժացումներու:

Կը յիշեմ իր աթոռին վրայ յաւերժացած սփիւռքեան կարեւոր անձի մը մահը, որուն մօտիկներէն մէկը, երբ ցաւակցութիւն կ’ընդունէր, ըսաւ. «Ես մեր մասին չեմ մտածեր, բայց ի՞նչ պիտի ըլլայ ազգին վիճակը»: Այսօր ոչ ոք կը յիշէ այդ շատ կարեւոր անձը… եւ պատմութիւնը չփակեց իր օղակը, կեանքը շարունակուեցաւ իր տաք ու պաղով:

Ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն, չինովնիկները ընկերաքաղաքական եւ պատմական տեսիլք չունին, անոնք կը կրկնեն «տիրոջ ձայնը»…

Ինքնակալական դրութիւնը (système) այնպէս է, որ քաղաքացին կա՛մ կը մտնէ տիրողի խաղին մէջ, կա՛մ կը չէզոքանայ: Խորհրդային օրերու գրականութիւնը դրութեան բաց գիրքն է, ուր արձանագրուած են միտքի ստրկացումները: Օրինակ մը` միշտ սիրելի Սիլվա Կապուտիկեանէն… Ստալինի մասին.

Երբ դո՛ւ ես յոյսի խօսքը ասում
Ցրուում է մութը մռայլադէմ.
Քո շուրթից ելած ամէն խոստում
Մեր մէջ մարմին է առնում արդէն,
Ու քո յոյսով է շնչում կրկին
Զարթնող այս հողը կենսաշաղախ,
Փռի՛ր տագնապած այս աշխարհին
Քո ծխամորճի ծո՜ւխը խաղաղ…

Քաղաքական իրադարձութիւն մը դեռ պատմութիւն չէ, անմիջական է, կողմնապաշտական, մասնակի: Հայաստան կարգախօս է, իշխանութեան շրջանակներուն մէջ, բարբառիլ «մեր թիմ»-ի մասին, այսինքն «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը լիազօրութիւններ տուած է «թիմ»-ին: Ազգը որպէս ամբողջութիւն մասնակի՞ց է այդ լիազօրութիւններու տուչութեան: Ու քո յոյսով է շնչում կրկին / Զարթնող այս հողը կենսաշաղախ, /Փռի՛ր տագնապած այս աշխարհին, ըսած է բանաստեղծուհին` թաղելով իր մտաւորականի անկախութիւնը:

Սերունդներու հոգիներու վրայ բռնացում է տիրող իշխանութեան գովերգանք դարձնել պատմութեան ուսուցումը:

Մտաւորականը ընթացիկ պատուէր կատարող պաշտօնեայ չէ: Անմիջական պատմութիւնը` առանց քննական դատումի, ստրուկ չինովնիկի գործ է: Խօսքը պէտք է տրուէր բանիմաց մարդոց, որոնք գիտեն, թէ ի՛նչ են պատմութիւն, գիտութիւն եւ ազգային հեռանկարային ըմբռնումներ:

Այս քանի մը էջերուն սկիզբը դրուած ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի միտքը առաջնորդող պէտք էր ըլլար եւ ըլլայ քաղաքական գործիչին, մանկավարժին եւ քաղաքական գործիչին համար: Վերջինը պէտք է պատմութիւն գիտնայ հասկնալու համար տարբերութիւնը մնայունին եւ ժամանակաւորին, դիպուածականին:

Կրկին կարդանք անմիջականի ստրուկը չեղող ակադեմիկոսին խօսքը. «Դրա համար էլ մենք մեր ակադեմական հատորներում հայոց պատմութեան այս վերջին տասնամեակների պատմութեան համար դեռ ժամանակ ենք թողել, որպէսզի կրքերը հանդարտուեն, եւ այդ ամբողջը քաղաքագիտութիւնից, հրապարակախօսութիւնից վերածուի պատմութեան, եւ նոր արդէն ակադեմական շարադրանքով ներկայացնենք»:

«Ժամանակ ենք թողել, որ կրքերը հանդարտուեն»…

Եւ մանկավարժութիւնը չծառայեցնել անհարազատին: Մանկավարժութիւնը պատասխանատու որակ է, ան քաղաքական, կողմնապաշտական եւ շահադիտական չէ: Այս, առանց ճապկումներու, պէտք է ըսել ուսուցիչին, լրագրողին եւ քաղաքական գործիչին:

Ղեկավարին պարտականութիւնն է պատմաբան ակադեմիկոսին խօսքը` «կրքերը հանդարտուեն»…

Ի՞նչ է այսօր հրամացուած պատկերը` Հայաստան եւ խարխափելով քայլ պահող սփիւռք(ներ)…

Հաւկուրութենէ՞ կը տառապինք Սիլվա Կապուտիկեանին հետ ըսելու համար`

Քո շուրթից ելած ամէն խոստում
Մեր մէջ մարմին է առնում արդէն…
Ամբոխահաճութիւնը պիտի յաղթահարե՞նք ազգային իրաւ գիտակցութեամբ:

Միշտ պէտք է յիշել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տնօրէնի խօսքը. «Վաղը միշտ ուշ է»…

Եւ պատմութիւն գրել եւ սորվեցնել ակադեմական իրապաշտութեամբ, ճշմարտութեամբ եւ պճեղ մըն ալ` ազգային հարազատութեամբ եւ գիտակցութեամբ:

26 Յունուար 2020, Նուազի-լը Կրան