Քեսապի Մէջ Յովհաննէս Թումանեանի Նուիրուած Ձեռնարկ

Սփիւռք

Հայ ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի տօնեց Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150 ամեակը:

Անսահման բարութեամբ եւ լաւատեսութեամբ, անհուն ժպիտով կեանքին նայող մարդ էր Թումանեան: Սեփական ազգի բազմաչարչար պատմութեամբ տառապող, հայու սեփական սխալները սրտացաւօրէն քննադատող, ինքնաքննադատութեան եւ ինքնամաքրման յառաջապահ դիրքերու վրայ կանգնող եւ մանաւանդ հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի վաղուան պայծառ օրուան հաւատացող, անոր իրագործման համար պայքարող հաստատակամ հայն էր ան:

Քեսապի Համազգայինի «Հ. Օհանջանեան» Մասնաճիւղը կազմակերպեց Յ. Թումանեանի նուիրուած գեղարուեստական ձեռնարկ մը:

Կիրակի, 19 Յունուար 2020-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, «Սահակեան» սրահէն ներս հաւաքուած էր Քեսապի մշակութասէր ժողովուրդը: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ գիւղի հոգեւոր հայրերը, պատկան մարմինի եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Լուսին Քիւրքճեան, որ ըսաւ.

«Հակառակ անոր, որ երկար տարիներ անցած են Յ. Թումանեանի ստեղծագործութիւններու ծնունդէն, սակայն ան կը մնայ ամէն ժամանակներու հեքիաթագիրն ու բանաստեղծը: Անոր գործերը կ’արտացոլան նորահաս սերունդներու դասագիրքերուն մէջ մինչեւ այսօր: Մշակութասէր քեսապցիին համար ալ հարազատ եղած են Յ. Թումանեանի գործերը, յատկապէս «Անուշ»ը, որ քանի մը անգամ բեմանակացուած ու ներկայացուած է քեսապցիներու կողմէ»:

Գեղարուեստական յայտագիրով նախ ցուցադրուեցաւ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին կեանքը, գործերը, ինչպէս նաեւ տուն թանգարանը ներկայացնող տեսերիզ մը: Սարին Հանէշեան-Կարպուշեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Թումանեանի «Հայրենիքիս Հետ» քերթուածը, «Բարձր Սարեր»ը երգեց Լենա Պէտուրեան-Էյրայենճի,Լիլա Լիւսի Չիւրիւքեան «Ամպի Տակից Ջուր Է Գալիս» երգին մեղեդիներուն հետ հեզաճկուն պար մը պարեց, Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի աշակերտներէն խումբ մը ներկայացուցին «Մի Կաթիլ Մեղր» աշակերտական թատրոնը:

Բծախնդրօրէն պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրին ընդմէջէն հանդիսատեսը ծանօթացաւ Թումանեան մարդուն, հայասէրին, բարի նկարագրի տէր, վճռակամ ու անձնազոհ գրողին՝ փիլիսոփայ բանաստեղծին:

Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Հայր Մանուկ Պերախանեան, որ վեր առնելով մշակութային նման ձեռնարկներու կազմակերպման կարեւորութիւնը շնորհաւորեց կազմակերպիչ մարմինը, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը:

«Գանձասար»-ի թղթակից