Սուրիան Տնտեսական Պատերազմի Դէմ Յանդիման

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Սուրիոյ դէմ զինուորական պատերազմը, իր ամբողջ ահռելիութեամբ մէկտեղ, արտաքին կարգ մը ուժերու ակնկալութիւնները ի թերեւ հանեց: Երկրին դէմ տնտեսական պատերազմ մը ծայր առաւ, տնտեսական շրջափակումէն սկսելով, «կայսեր օրէնք» պատժական տնօրինումներուն հասնելով:

Երկրի տնտեսութիւնը պատերազմի ինն տարիներուն անկում արձանագրեց: Այս թոհուբոհին մէջ նկատելի էր Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ ալ Ասատին բարեկարգչական շարժումին հեռանկարային իմաստը:

Նախագահ Ասատ երկիրը նման պատերազմներու եւ շրջափակումներու հեռանկարը ի միտի ունեցած էր ու 70-ականներուն աստիճանաբար զարգացուցած տեղական արտադրութիւնները, ամէնէն պարզ, առօրեայ սպառողական նիւթերէն սկսեալ մինչեւ ծանր ճարտարարուեստի արտադրանքին յատուկ տեղական գործարաններ հիմնելով:

Եթէ երկիրը ինքնաբաւ չըլլար, տեղական արտադրանք չունենար ու վստահէր ներածումին, պատերազմի առաջին իսկ տարիներուն պիտի յայտնուէր սովի ու սնանկութեան մէջ: Այս նպատակով չէ՞ր միթէ, որ պատերազմի առաջին փուլերուն Թուրքիոյ գործակալներուն կողմէ Հալէպի գործարանները թալանուեցան ու արտադրողական գործարաններու գործիքներուն մեծամասնութիւնը Թուրքիա փոխադրուեցաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու ճամբով:

Հակառակ այս բոլորին, Սուրիոյ տարբեր նահանգներուն մէջ գործարաններ բանեցան ու պետութիւնը յաջողեցաւ ժողովուրդին սպառողական գէթ նուազագոյն պահանջքը բաւարարել: Այլ խօսքով՝ Սուրիոյ ժողովուրդը սովի չմատնուեցաւ:

Այդուհանդերձ, տնտեսական ներկայ դժուարութիւնները երկրին վրայ ճնշում բանեցնելու երկրորդ օղակը կը կազմեն, յատկապէս երբ քարիւղի հանքերն ու ջերմուժի կեդրոնները պետութեան վերահսկողութենէն դուրս մնացած են:

Պետութիւնը, անկախ բարեկամ երկիրներու օժանդակութենէն, կը փորձէ նուազագոյն վնասներով դուրս ելլել ու դուրս բերել ժողովուրդը այս տագնապէն: Լուծումները, սակայն, երկար ժամանակի կը կարօտին: Ապահովական իրավիճակը եւս իր ազդեցութիւնը ունի լուծումներու արդիւնաւէտութեան վրայ: Այս իսկ պատճառով, Սուրիա մէկ կողմէ կը փորձէ զինուորական գետնի վրայ յառաջխաղացք արձանագրել ու հնարաւորինս բնականոն հունի մէջ դնել գէթ նահանգներուն միջեւ երթեւեկութիւնը, ինչ որ իր դրական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ ապրանքաշրջանառութեան ու գիներու կայունացման վրայ, միւս կողմէ կը փորձէ սուրիական լիրային թաւալգլոր անկումին առաջքը առնել կարելի բոլոր միջոցներով:

Նախորդ շաբաթ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի ստորագրած երկու հրամանագիրները կոչուած էին պաշտպանելու սուրիական լիրան եւ ազգային տնտեսութիւնը: Սա կը նշանակէ, որ Սուրիոյ պարտադրուած ահաբեկչական պատերազմի ա՛յս փուլին, երկիրը տնտեսական եւ զինուորական ճակատներու վրայ համակարգուած կռիւ կը մղէ:

Այս պայքարին ժողովուրդը եւս իր նպաստը պիտի բերէ բնականաբար, յարգելով հրամանագիրներուն գործադրութիւնը եւ մերժելով օտար դրամի անօրինական շրջանառութիւնը:

Երկրի ծառայողական ոլորտը, սակայն, կը շարունակէ խոցելի մնալ: Անհրաժեշտ է օգնել ժողովուրդին ու կարգաւորել գէթ վառելանիւթի, ելեկտրականութեան բաշխման, գիներու կանոնաւորման աշխատանքը՝ մեղմացնելու ժողովուրդին տագնապը եւ պահպանելու անոր նուազագոյն կենսամակարդակը: