Պեռլինի Մէջ «Թումօ» Կեդրոն Պիտի Բացուի

Աշխարհ, Հայաստան

Յունուարի 21-ին, Թումօ Երեւանի եւ KfW դրամատան Պեռլինի կեդրոնին մէջ  զուգահեռաբար, տեղի ունեցաւ Պեռլինի մէջ Թումօ կեդրոնի հիմնելու վերաբերեալ պայմանագրի ստորագրման արարողութիւնը: Կեդրոնը պիտի գործէ Պեռլինի արեւմտեան հատուածին` պատմական Շառլոթենպուրգ թաղամասին մէջ: Անոր բացումը նախատեսուած է այս տարուան Հոկտեմբերին։ Կեդրոնին մէջ անվճար սորվելու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ 1200 ուսանող:

Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի եւ Գերմանիոյ կառավարութիւններու անդամներ, երկու երկիրներու մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Թումօ կեդրոնի եւ KfW դրամատան ղեկավարներ:

Թումօ Պեռլինի հիմնադրման ծրագիրը կ՛իրականացուի Թումոյի եւ KfW գերմանական զարգացման դրամատան համագործակցութեամբ:

Թումօ Պեռլինի ուսանողները պիտի մասնագիտանան ծրագրի 10 ոլորտներու մէջ. Ծրագրաւորում, animation, ֆիլմերու ստեղծում, graffic design, 3D ձեւաւորում, խաղերու ստեղծում, երաժշտութիւն, նկարչութիւն, լուսանկարչութիւն եւ մարդ-մեքենայի շինութիւն: