Արցախի Մէջ Զոհուած է Պայմանագրային Զինծառայող Արթուր Նալպանտեանը

Հայաստան

Արցախի մէջ Յունուար 21-ին ` մօտ ժամը 13:15-ին, ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ դժբախտ պատահարի հետեւանքով մահացած է պայմանագրային զինծառայող, 1980-ի ծնունդ Արթուր Մարտունի Նալպանտեանը: Մահուան հանգամանքները դեռ պարզ չեն:

Արթուր Նալպանտեան ծնունդով Լոռիի մարզի Օձուն գիւղէն էր, կը բնակէր Արցախի Հանրապետութեան Հաթերք գիւղին մէջ:

«15 տարի առաջ տեղափոխուած է այստեղ, գրանցուած են մեր գիւղին մէջ: Անոնք կ՛ապրէին այստեղ, տուն չունին, ուրիշի տունը կը մնան, նիւթապէս անապահով վիճակի մէջ են: Տասնհինգ օր առաջ եկած էին մօտս, պիտի լուծէինք իրենց սեփականութեան հարցը այս տարի»,- NEWS.am-ին յայտնած է Հաթերքի ղեկավար Վարդան Գրիգորեան:

Արթուր Նալբանդեանը ամուսնացած էր, 4 անչափահաս երեխաներու հայր:

«2 տղայ ունի, 2 աղջիկ: Մեծը 10 տարեկան է, փոքրը` 3»,- յայտնած է համայնքի ղեկավարը։