Աշխարհի Մէջ Լրագրողներու Դէմ Կատարուած Յանցագործութիւններուն Գրեթէ 90 Տոկոսը Անպատիժ Կը Մնայ. ԵՈՒՆԵՍՔՕ

Աշխարհ

ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերով կազմակերպութիւնը (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) մտահոգուած է, որ աշխարհի մէջ լրագրողներու դէմ իրագործուող յանցագործութիւններու գրեթէ 90 տոկոսը անպատիժ կը մնայ:

Այս մասին նշուած է Երկուշաբթի երեկոյեան տարածուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի լրագրողներու սպանութիւններու հարցերով կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ, կը փոխանցէ news.am-ը:

«Մոլորակի վրայ սպաննուած լրագրողներուն թիւը 2019-ին գրեթէ կրկնակի նուազած է եւ վերջին 10 տարուան մէջ ամենացածն է: Անիկա կը կազմէ մահուան 56 դէպք` 2018-ի 99-ի համեմատութեամբ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 2010-2019 թուականներուն մէջ, ընդհանուր առմամբ, արձանագրած է լրագրողներու 894 սպանութիւն, որ կը կազմէ տարեկան միջինը գրեթէ 90 սպանութիւն:

Ամենաբարձր ցուցանիշը արձանագրուած է Լատինական Ամերիկայի եւ Քարիպեան աւազանի երկիրներու մէջ, ուր զոհուած է 22 լրագրող: Երկրորդ եւ երրորդ տեղերուն վրայ են Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանի երկիրները եւ արաբական պետութիւնները` համապատասխանաբար 15 եւ 10 սպանութեամբ:

Փորձագէտները միաժամանակ կը նշեն, որ լրագրողներու 61 տոկոսը, այսինքն` մօտ երկու երրորդը 2019-ին զոհուած է այն երկիրներու մէջ, ուր զինուած հակամարտութիւններ տեղի չեն ունենար, այն պարագային, երբ 2014-ին այդ ցուցանիշը կազմած է մէկ երրորդ: Հետեւաբար, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն եկած է այն եզրակացութեան, որ «լրագրողները ծայրայեղ վտանգներու կ՛ենթարկուին ոչ միայն զինուած հակամարտութիւնները լուսաբանելու ընթացքին, այլ նաեւ զոհ կը դառնան տեղի քաղաքական գործիչներու արարքները, փտածութեան եւ իրաւախախտումները հետաքննելու ատեն, ի դէպ` յաճախ իրենց հայրենի քաղաքներու մէջ»:

«Ընդհանուր առմամբ, լրագրողներու դէմ սպառնալիքները ուղղուած են այն բանի համար, որպէսզի ստիպեն լռել  քննադատաբար արտայայտուող հեղինակներուն եւ սահմանափակեն բնակչութեան տեղեկատւութեան հասանելիութիւնը»,-կը  փաստէ կազմակերպութիւնը:

«Կազմակերպութիւնը կը շարունակէ խորապէս անհանգստանալ այն թշնամանքով ու բռնութեամբ, որոնց զոհերը կը դառնան աւելի ու աւելի մեծ թիւով լրագրողներ ողջ աշխարհի մէջ: Նման իրավիճակը վնաս կը հասցնէ հասարակութեան մէջ ժողովրդավարական բանակռիւներուն»,- այս առնչութեամբ ընդգծած է գլխաւոր տնօրէն Օտրէ Ազուլէն: