Ազգային Ժողովը Առաջին Ընթերցմամբ Ընդունեց Ծննդեան Վկայականներու մէջ Երեխային Սեռը Նշելու Մասին Օրինագիծը

Հայաստան

ՀՀ Ազգային ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան կողմէ ներկայացուած «Քաղաքացիական կացութեան ակտերի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը, որով կ՛առաջարկուի ծննդեան վկայականներուն մէջ նշել նաեւ երեխայի սեռը: «Արմենփրես”-ի փոխանցմամբ` Յունուար 20-ի ԱԺ նիստին նախագիծը ներկայացուցած էր խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Եղիազարեանը:

«Կ՛առաջարկենք մեր ծննդեան վկայականներուն մէջ աւելցնել սեռ բառը, որպէսզի այսուհետեւ ծննդեան վկայականներուն մէջ պարտադիր ամրագրուի երեխային սեռը: ՀՀ քաղաքացիներու ծննդեան վկայականներուն մէջ գործող օրէնքով պարտադիր չէ սեռի նշումը, որու հետեւանքով մեր քաղաքացիները կարգ մը խնդիրներու առջեւ կը կանգնին` յատկապէս օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ: Բացի ատկէ, կրնան ըլլալ նաեւ այլ խնդիրներ, երբ միայն անունէն հնարաւոր չէ հասկնալ երեխայի սեռը”,- նշած էր Եղիազարեան:

Օրէնքի նախագիծը ընդունուեցաւ 119 կողմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներով: