Նոյն Ժամուն, Նոյն Վայրը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

19 յունուար 2020-ին թեւակոխեցինք «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան 13-րդ ամեակը: «Հրանդի ընկերները» հարթակը այս տարուան համար որոշեց իմաստալից կարգախօս մը` «Ամչնալու համար ուշ չէ»:

Ցանկացած երկրի համար ամօթալի է իր քաղաքացիի մտածումներուն պատճառաւ սպաննուիլը: Երկրի իւրաքանչիւր վարիչ պէտք է ամօթի զգացում ապրի իր ղեկավարած երկրի մէջ նման դէպք պատահած ըլլալուն համար: Այս գիտակցութիւնը կամ հասկացողութիւնն է, որ օրակարգի կը բերեն «Հրանդի ընկերներ»-ը:

Սակայն մենք դառն փորձութեամբ գիտենք, թէ այս երկրի մէջ խնդիրը ուրիշ երեսակ ալ ունի: Այդ երեսակով ալ յաճախ կը հանդիպինք հակասութեան մը: Երկրի իշխանութիւնները պաշտօնապէս դատապարտելով հանդերձ նման ոճիրները, իրականութեան մէջ կը համակերպին այդ յանցագործութեան: Այդպէս է, որ կը գործէ անպատժելիութիւնը: Արդար ըլլալու համար պարտինք ամէն ինչ տեսնել իր ամբողջութեան մէջ: Ապա թէ ոչ դիւրաւ կրնանք տարուիլ մեզ խաբել միտող կեղծ արցունքներէն: Յիշենք Հրանդի սպաննուած օրը: Այդ օր Պոլսոյ կուսակալ Մուհամմէր Կիւլեր տակաւին աստիճաններուն վրայ փորձեց վստահեցնել, որ կատարուածը քանի մը ազգայնական երիտասարդի անհատական գործն է: Նոյն կուսակալը ապա արգելք եղաւ իր անձնակազմին այս նիւթի հետ առնչուած հարցաքննուելուն: Մինչդեռ Հրանդ ոճիրի օրը լոյս տեսնող իր թերթին մէջ մատնանշած էր այդ նոյն անձնակազմին դերակատարութիւնը, զինք դէպի մահ տանող դաւադրութեան մէջ:

Դարձեալ բոլորս գիտենք, թէ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը երբեք եզակի երեւոյթ մը չէ եղած Թուրքիոյ պատմութեան մէջ: Եթէ այդ պատմութիւնը փորձենք անցեալի հիմերու վրայ դիտել, պէտք է պատասխան գտնենք, թէ ի՞նչ եղած է Գրիգոր Զօհրապը դէպի աքսորավայր տանող աւազակին, երբ այս վերջինս վայրագօրէն սպաննած էր Թուրքիոյ խորհրդարանի ամենակարկառուն երեսփոխաններէն մէկը: Ի՞նչ պատիժի արժանացած էր վիպագիր Սապահատտին Ալին սպաննող ոճրագործը, կամ ի՞նչ եղաւ Ռոպոսքիի գիւղացիները ռմբակոծողներու խնդիրը:

Այսօր յստակօրէն գիտենք, թէ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը խնդիր ունի ժողովրդավարութեան հետ: Այդ է, որ պիտի պահանջէ Թուրքիոյ հասարակութիւնը կամ ալ հասարակութեան որոշ գիտակցութեան հասած հատուածը: Բայց ո՞վ պիտի կրնայ գոհացուցիչ պատասխան տալ այդ հատուածի պահանջներուն, երբ տակաւին բանտարկուած կը մնան Օսման Քաւալայի նման հասարակական գործիչներ, Ահմետ Ալթանի նման վիպագիրներ կամ Սելահատտին Տէմիրթաշի նման քաղաքական գործիչներ:

Թուրքիոյ հանրապետութիւնը, որպէս ժառանգորդ Օսմանեան կայսրութեան, միշտ սիրած է բռնի ուժով ճնշել իրեն համար անպատեհ թուացող բոլոր միտքերը: Իշխանութիւնը հիմնած է այդ վայրագ բռնութեան վրայ: Ուրեմն որքանով իմաստալից է յոյս կապել, թէ իշխանութիւնը յանկարծ փոխէ իր կեցուածքը եւ ամօթ զգայ իր չար արարքներէն:

Յիշենք անցեալի ներքին գործոց նախարարներէն Մեհմետ Աղարի պատասխանը իր սպաննուած ամուսնոյն համար արդարութիւն պահանջող Կիւլտալ Մումճուին. «Պատին վրայ ծուռ աղիւս մը կայ, այդ աղիւսը տեղէն հանելով է, որ կրնանք լուսաբանել այս ոճիրը, բայց եթէ այդ աղիւսին դպչինք, ամբողջ պատը փուլ կու գայ»: Թերեւս սա ամենակարեւոր խոստովանութիւնն էր, որ կու գար պետական վարիչէ մը, եւ որուն արդիւնքը մնաց անփոփոխ, ոչ ոք համարձակեցաւ այդ ծուռ ու սխալ աղիւսը տեղէն դուրս բերելու: Այսօր ալ երեւոյթը կը մնայ նոյն անփոփոխութեան մէջ: Ամչնալը կը վիճակուի անոնց, որոնք անմեղ են: Իսկ մեղաւորները իրենց մեղքը քողարկելու դեռ բազում պատճառներ ունին իրենց առջեւ:

pakrates@yahoo.com