Հրանդ Տինքի Սպանութեան 13-րդ Տարելիցն է

Uncategorized

2007-ի Յունուար 19-ին ժամը 15.00-ին, Պոլսոյ «Ակօս” թերթի խմբագրատան առջեւ թուրք ազգայնականներու կողմէ սպաննուեցաւ պոլսահայ մտաւորական Հրանդ Տինքը:

Կասկածեալը գտնելու համար օգնեց անոր հայրը, որ մարդասպանի լուսանկարին մէջ ճանչած էր որդիին: Լուսանկարը առնուած է սպանութեան վայրին մէջ գտնուող տեսախցիկի միջոցով, որ այդ պահուն արձանագրած է փողոցի անցուդարձը:

«Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագրի սպանութեան 13-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգիստի եւ ոգեկոչման արարողութիւններ կը կազմակերպուին Պալըքլըի հայկական գերեզմանատան եւ Պաքըրքեօյի հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Յունուար 18-19-ին երեկոյեան ժամերուն «Ակօս” թերթի նախկին խմբագրատան շէնքի վրայ յատուկ լուսային ներգործութեամբ սաւառնեց աղաւնի:

Իր վերջին յօդուածին մէջ ան ինքզինք համեմատած էր աղաւնիի հետ` «Ես ինծի կը զգամ, ինչպէս վախցած աղաւնի, բայց գիտեմ, որ այս երկրի մարդիկ երբեք չեն վնասեր աղաւնիին»:

Պոլսոյ տարբեր վայրերու մէջ կը կազմակերպուին նաեւ Հրանդի յիշատակին նուիրուած հանդիպում-քննարկումներ: «Ոմանք» հայկական երաժշտական խումբը Պէյօղլուի մէջ հանդէս կու գայ Տինքի յիշատակին նուիրուած համերգով:

Յիշատակի եւ ոգեկոչման արարողութիւններ կը կազմակերպուին նաեւ Անգարայի, Իզմիրի, Պոտրումի մէջ: Թուրքիայէն բացի յիշատակի ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան նաեւ Անգլիոյ (Լոնտոնի Սուրբ Եղիշէ հայկական եկեղեցւոյ մէջ), ԱՄՆ (Հարվտրտ, Լոս Անճելըս), գերմանիոյ (Պեռլին, Ուլմ, Աուգսպուրգ), Գանատայի (Օթթաուա, Մոնթրեալ), Հոլանտայի (Ամստերտամ) եւ Աւստրիոյ (Վիեննայի Սուրբ Հռիփսիմէ հայական եկեղեցի) մէջ: