Մանուէլ Գրիգորեան Ստորագրութեամբ Ազատ Արձակուեցաւ

Հայաստան

Երկրապահ կամաւորականներու միութեան (ԵԿՄ) նախկին նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանի խափանման միջոց կալանքը փոխուեցաւ: Դատարանին որոշումով, ստորագրութեամբ ազատ արձակուեցաւ՝ երկրէն չհեռանալու պայմանով:

Հայաստանի դատախազութեան նախաձեռնութեամբ՝ Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ, դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ, 15 Յունուարին Մանուէլ Գրիգորեանի խափանման միջոցի փոփոխութեան վերաբերեալ արտակարգ դատական նիստ կատարուեցաւ։ Նիստին հրաւիրուած միջգերատեսչական փորձագիտական յանձնաժողովի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան ըսաւ, որ Գրիգորեանի առողջական վիճակը ծանր է, եւ զայն բանտարկելը համատեղելի չէ անոր առողջական վիճակին հետ։ Մ. Գրիգորեանի առողջական վիճակին վերաբերեալ նախապէս ստեղծուած յանձնաժողովը եզրակացուցած էր, որ Գրիգորեանը բանտարկելը համատեղելի է անոր առողջական վիճակին հետ։

Դատախազութիւնը միջնորդեց՝ նկատի ունենալով «Նայիրի» բժշկական կեդրոնէն ստացուած Գրիգորեանի առողջական վիճակին վերաբերեալ գրութիւնը՝ անոր խափանման միջոց կալանքը փոխելու։

Մանուէլ Գրիգորեան կը մեղադրուի ապօրինի զէնք-զինամթերք պահելու, աւելի քան 101 միլիոն դրամի գոյք իւրացնելու, աւելի քան 1 միլիառ դրամի հարկերու վճարումէն խուսափելու, պետական միջոցներէն աւելի քան 1 միլիառ դրամ վատնելու եւ 37 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքի յափշտակութիւն կազմակերպելու յանցանքով։ Անոր պահեստանոցներէն գտնուեցան նաեւ «Զինուորի բաժին» արձանագրութեամբ սնունդ, դեղորայք, զինուորական տարազներ, առարկաներ, որոնք պէտք է ուղարկուէին Արցախ՝ քառօրեայ պատերազմ մղող զինուորներուն, սակայն մնացած են իր մօտ։