Գարեգին Բ․-ի Նախագահութեամբ Հոգեհանգիստ Պիտի Կատարուի Պաքուի Հայերու Ջարդերու 30-րդ Տարելիցին Առիթով

Այլեւայլ, Հայաստան

Նախագահութեամբ Գարեգին Բ․Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ Սուրբ Գայիանէ եկեղեցւոյ մէջ, Յունուար 19-ին, Սուրբ Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի` Պաքուի մէջ իրականացուած հայերու ջարդերու 30-րդ տարելիցին առիթով: Այս մասին կը յայտնեցնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Սուրբ Պատարագի սկիզբը` ժամը 11:00-ին: