Շնորհակալութեան եւ Երախտագիտութեան Այցելութիւն Սուրիոյ Նախագահին

Աշխարհ, Սփիւռք

Հինգշաբթի, 9 Յունուարին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը եւ Առաջին տիկին Ասմա Ասատը նախագահական պալատին մէջ ընդունեցին երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը, «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի ներկայացուցիչներ:

Հանդիպումը առիթ էր Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանին նկատմամբ նախագահին եւ Առաջին տիկնոջ ցուցաբերած օժանդակութեան եւ վերաշինութեան համար շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելու, հանդիպումին շեշտը դրուեցաւ հայոց լեզուի եւ հայ ինքնութեան անհրաժեշտութեան վրայ:

Պատուիրակութիւնը վարժարանին նշանակը պարունակող արծաթէ յուշանուէր մը յանձնեց նախագահին:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Արմէն Ուրֆալեան, Պօղոս Խաճարեան, Սարգիս Քիւրտեան, ինչպէս նաեւ Ատոմ Սանոսեան ամոլը: