Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց «Զուարթնոց» Կեդրոն

Սփիւռք

Երեքշաբթի, 14 Յյունուար 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու «Զուարթնոց» կեդրոնը` Պուրճ Համուտի մէջ:

33 տարիներ առաջ, վեհափառ հայրապետի` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդութեան օրերէն սկիզբ առած յիշեալ կեդրոնը, վերջին տարիներուն օժտուած է ներկայ ժամանակներու մասնագիտական բոլոր կարելիութիւններով: Կեդրոնին տնօրէնն է Վարդի Գէորգեան: Անիկա ունի իր խնամակալութիւնը եւ մասնագէտներէ բաղկացած ուսուցչական կազմը: Այս տարի կեդրոնին մէջ յատուկ դասընթացքի ու հոգածութեան կը հետեւին 38 հոգիներ:

Վեհափառ հայրապետը շուրջ երկու ժամ մնաց «Զուարթնոց» կեդրոնին մէջ, շրջեցաւ զանազան բաժանմունքները, աշակերտներուն հետ զրուցեց, մօտէն տեղեակ դարձաւ հոն կատարուող աշխատանքին եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց: Վեհափառ հայրապետը նաեւ կոչ ուղղեց, որ մեր կառոյցները եւ ազգայինները նիւթապէս սատար հանդիսանան յատուկ խնամքի կարօտ մեր զաւակներուն հոգածութիւն ու դաստիարակութիւն ջամբող այս կեդրոնին:

Վեհափառ հայրապետին այցելութեան ներկայ էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ կեդրոնին խնամակալութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը ներկայ տարին հռչակեց «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի»` թելադրելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ զանազան ծրագիրներու եւ աշխատանքներու իրագործումով, իրենց մտածումներուն ու հոգածութեան լուսարձակին տակ բերեն յատուկ խնամքի կարօտ մեր ժողովուրդին զաւակները: