Հրթիռարձակումներ Հալէպի Միջազգային Օդակայանի եւ Այլ Վայրերու Ուղղութեամբ

Աշխարհ

Զինեալ
ահաբեկչական խմբաւորումներ, երէկ, Հալէպի արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Հալէպի միջազգային օդակայանին, Նէյրապի զինուորական օդակայանին, բնակարաններուն եւ ծառայողական հաստատութիւններուն ուղղութեամբ հրթիռարձակումներ կատարած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը՝ վկայակոչելով ՍԱՆԱ լրատուական գործակալութիւնը։

Ահաբեկչական խմբաւորումները հրթիռակոծած են նաեւ Հալէպի արեւմուտքը գտնուող Մընիէն գիւղի բնակարանները:

Հրթիռակոծումներուն ի պատասխան պետական կողմը իր կարգին պատասխանած է, գնդակոծելով Հալէպի հարաւ-արեւմտեան շրջանի ահաբեկչական խմբաւորումներուն կեդրոնները:

Օրեր առաջ Հալէպի ալ Զահրաա բնակելի թաղամասին ուղղութեամբ 3 հրթիռ արձակուած էր, որոնցմէ մէկը ինկած էր Աքատ վարժարանին շրջակայքը եւ անոր մօտ գտնուող տան մը վրայ: Նիւթական վնասներու կողքին՝ վիրաւորուած էր կին մը:

Հալէպի արեւմտեան եւ հարաւային շրջաններուն մէջ դիրք հաստատած ահաբեկչական խմբաւորումներ տարիներէ ի վեր խաղաղ բնակչութիւնը թիրախ կը դարձնեն, սուրիական բանակը հեռու պահելու իրենց շրջաններէն:

Օրերս, սուրիական բանակին յառաջխաղացքին լոյսին տակ, այդ խմբաւորումներու պատասխանատուները իրենց զինակիցներուն թելադրած են պարպել զէնքի պահեստները, կամ օգտագործել զանոնք, հրթիռակոծելով խաղաղ բնակչութիւնը, եւ ըստայնմ նահանջել, որպէսզի սուրիական բանակը չգրաւէ իրենց զէնքերն ու հրթիռները: