ՀՀ Ղեկավարութիւնը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Պաքուի Ջարդերուն Զոհ Դարձած Հայերու Յիշատակին

Աշխարհ, Հայաստան

Պաքուի մէջ իրականացած հայերու ջարդի 30-րդ տարելիցին առիթով՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ պետական այրերը ծաղկեպսակ դրած են զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող յուշարձանին։

Յիշեցնենք, որ 30 տարի առաջ՝ 1990 Յունուար 13-19 երկարող ժամանակաշրջանին՝ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ դաժան սպանդի զոհ դարձան եւ բռնի տեղահանուեցան տասնեակ հազարաւոր հայեր:

Հայերու հանդէպ 6 օր դրսեւորուած վայրագութիւններէն ետք՝ շուրջ 250 հազար հայ բնակիչ ունեցող քաղաքը հայաթափուեցաւ:

Տեղի ունեցած ջարդերը կազմակերպուած էին Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատի (ԱԺՃ) կողմէ, իսկ իշխանութիւնները կը հովանաւորէին զանոնք: