Հայաստանի Մէջ՝ «Փարոս»-ի Բարեսիրական Գործունէութեան Մասնակցելու Առիթ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի մէջ մարդասիրական գործունէութիւն մշակող «Փարոս» կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 23 Յունիս-24 Յուլիս 2020-ի միջեւ, Միացեալ Նահանգներու տարածքէն երիտասարդներու անգամ մը եւս առիթ պիտի ընծայէ գործնականապէս իրենց ներդրումը բերելու Հայաստանի մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման գործին, կազմակերպութեան զանազան ծրագիրներու ընդմէջէն:

2019-ի արշաւին մասնակցած հայորդիները իրենց ներդրումները բերին շարք մը ծրագիրներու մէջ, ներառեալ՝ Թալին գիւղի երաժշտանոցներուն, Զօրական գիւղի դպրոցին, Գիւմրիի «Դէպի առաջ» երեխաներու կեդրոնին եւ Նոր Հաճընի թանգարանին մէջ նորոգութիւններուն եւ Երեւանի երեխաներու տան ու Նոր Խարբերդի յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու տան յատուկ պտոյտներու կազմակերպման։

Այս տարի եւս, ամառնային այս առաքելութեան քանի մը առիթով մասնակցած Տասթըն Հոչմութ դարձեալ նախաձեռնած էր ուտեստեղէնի հաւաքի, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ 50 կարիքաւոր ընտանիքներու կենսական ուտեստեղէն եւ այլ պիտոյքներ տրամադրել:

2013-էն ի վեր գործող այս ծրագիրին մասնակցողները նաեւ առիթը կ՛ունենան այցելելու Հայաստանի եւ Արցախի պատմական, կրօնական, մշակութային եւ տեսարժան վայրեր:

Դիմումնագիրներ ներկայացնելու ժամկէտը 1 Ապրիլն է:

Մասնակցութեան մանրամասնութիւններուն համար դիմել «Փարոս» կազմակերպութեան գործադիր վարիչ Փիթըր Ապաճեանին՝ (310) 400-9061 թիւով։

Դիմումնագիրներուն եւ կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.parosfoundation.org կայքը:

 

0000Paros SERVICE Armenia2