Հայ Զանգուածները Կրկին Յուզուած Են Ցեղասպանութեան Ճանաչման Յաղթանակով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Հողը մի կենդանի էակ է, նա ունի իր հոգին, առանց հայրենիքի, առանց հարազատ հողի հետ սերտ կապի, մարդ չի կարող գտնել իրեն, իր հոգին»:

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ

Հայը իր հոգին գտնելու համար իրմէ խլուած հողի վերադարձի նպատակով պէտք է ապրի եւ գործէ:

Տարիներու աշխատանք, մարդկային եւ նիւթական ներդրում, վերջապէս երկու յաջորդական յաջողութիւններ. Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան այնքա՜ն ակնկալուած եւ երազուած ճանաչումը, Ամերիկայի եւ ընդհանրապէս աշխարհի հայերուն համար հոգեկան մեծ բաւարարութիւն է:

Ժամանակակից մարդը, նաեւ հայը՝ մասնաւորաբար, եթէ դեռ վառ պահած է իր իրաւունքին գիտակցութիւնը, Արշակ Չօպանեանի մանուկին պէս պիտի ըսէր՝ իւրաքանչիւր ճանաչումէ ետք, ես ի՞նչ ընեմ հոգիով, նոյնիսկ եթէ Չօպանեան եւ իրեն պէս այլ երէցներ, հաւատացեալի պէս, բոլոր միամիտներուն պէս, իւրաքանչիւր ճանաչումէ ետք յուզումնախառն պահեր կ՛ապրին հոգեկան բաւարարութիւն առթած գինովութեամբ:

Ամերիկայի զոյգ օրէնսդիր ժողովներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը յաջողութիւն մըն է, եթէ ճառ խօսինք, պիտի ըսենք յաղթանակ՝ ուրացման եւ ժխտումի ամէն կարգի անբարոյութիւններու, մոռացումներու եւ վատութիւններու դէմ: Բայց ան պէտք ունի լրացման. Ամերիկայի նախագահն ալ պէտք է ճանաչման յայտարարութիւն ընէ, առանց հայոց ակնկալութիւնը օրօրելու մեծ Եղեռն կամ նման սովորական դարձած ճապկումներով: Կը նշանակէ, որ պայքարը կը շարունակուի, եւ կրկին պիտի սպասենք, ինչպէս ամէն տարուան Ապրիլ 24ին, Ամերիկայի նախագահին յայտարարութեան:

Wait and see… Չորս ամիս: Հարիւր տարուան բաղդատած չորս ամիսը մանրուք է: Թէեւ, զոյգ ժողովներուն որոշումներուն հունով, նախագահը այսօր ալ կրնայ խօսիլ:

Անկասկա՛ծ, օրէնսդրական մարմիններու ճանաչումը բարոյական յաղթանակ մըն է, ընդդէմ ճշմարտութիւնը եւ գործուած ոճիրը ժխտող պետութեան մը, որ ունի հզօրութիւն, լայն միջոցներ եւ ազգայնամոլ կոյր զանգուած: Բայց ինչ ալ ըսենք եւ գրենք, կողոպտուած, անիրաւուած, ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ հայրենահանուած պահանջատէր ժողովուրդի մը տեսանկիւնէն քաղաքական յաղթանակ չեն ճանաչումները: Մենք մեզի եւ մեր խօսակիցներուն հետ անկեղծ պէտք է ըլլանք. ճանաչումները քաղաքական բնոյթ չունին, անոնք բարոյական, մխիթարական եւ քիչ մըն ալ հաճոյախօսական են:

Առանց բացասական համարուելու զգուշաւորութեան, թող թոյլ տրուի ճանչցողներուն եւ ճանաչման յաղթանակով ուրախացողներուն հարց տալ, թէ ի՛նչ բան կը ճանչնան, ի՛նչ բան կը ճանչցուի, ի՛նչ ընելու համար: Ի հարկէ գիտենք, որ բոլոր այն երկիրները, խորհրդարանները եւ քաղաքապետութիւնները, որոնք ճանաչում կը քուէարկեն, նկատի ունին հայոց լայնածիր ջարդը, որ կը միտէր ազգի մը բնաջնջման, որ կոչուեցաւ ցեղասպանութիւն:

Ճանաչումով զոհերը կեանքի պիտի չվերադառնան:

Կրնանք մտածել, որ ճանչցողները բարոյական վերաբերում ունին, ոճիրի մը դիմաց մարդկային խիղճի վկայութիւն կը բերեն, մարդկայնութիւն, հիւմանիզմ: Այս ճանաչումները կը նմանին սգոյ արարողութեան մը, թաղման կարգ կամ հոգեհանգիստի (requiem) մը, որմէ ետք, պարտականութիւնը կատարածի գոհունակութեամբ կը շարունակենք ապրիլ, կեանքը կը շարունակուի:

Բայց ինչ որ պատահած էր կեանքի սովորական աւարտ մը կամ ճանապարհային վթար չէր: Մարդիկ բնաջնջուած էին, ինչպէս այսօր կը բնաջնջենք միջատները՝ պաշտպանելու համար մեր մշակուած դաշտերը: Մարդիկ չէին մեռած պատերազմի մը ընթացքին, ինչպէս կ՛ըսուի, պատուոյ դաշտին վրայ, որմէ ետք, զոհերու յաջորդները այս կամ այն ձեւով կը հաշտուին, ինչպէս Ֆրանսան եւ Գերմանիան, նոյնիսկ՝ Գերմանիան եւ հրեաները: Արդարութիւնը իր խօսքը ըսած էր, վճիռ արձակած էր, պատասխանատուութիւնները ստանձնուած էին, պատիժներ սահմանուած եւ հատուցում եղած էր:

Քաղաքական միտքի փիլիսոփայութեան ծանրակշիռ սխալ է հայկական պարագան նմանցնել ամէնուրեք ճանչցուած, ընդունուած եւ դատապարտուած հրէական ողջակիզման, որ ահաւոր ոճիր մըն էր իր միլիոնաւոր զոհերով, անկասկած՝ ցեղասպանութիւն: Հայկական պարագան ալ, բաղդատութեամբ, միլիոնաւոր զոհերով, անկասկա՛ծ ցեղասպանութիւն էր: Բայց այս նմանութիւն-բաղդատութիւնը անբաւարար է հայկական պարագայի իսկական պատմաքաղաքական եւ ընկերամշակութային նկարագիրը բնորոշելու համար:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը բաժակաճառի կը նմանի, առանց հայ ժողովուրդին դէմ գործուած պատմաքաղաքական ոճիրի ըմբռնումին, որ հայրենահանումը եղաւ:

Ոչ մէկ տեղ կը հանդիպինք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջին եւ այդ պահանջը բաւարարող որոշումներուն մէջ ժողովուրդի մը հայրենահանման եւ հայրենազրկման յիշատակման: Հետեւանք. ոճիրէ մը ետք վերապրողները եւ անոնց յաջորդները դեռ կը շարունակեն եւ պիտի շարունակեն ապրիլ ցեղասպանութիւնը, որուն համար հնարուած է մշակութասպանութիւն եզրը, այսինքն՝ ցեղասպանութիւնը դեռ ընթացքի մէջ է: Սպառողական ընկերութեան եւ համաշխարհայնացման մէջ ընդգրկուած, հայրենահանուած ժողովուրդի մը մնացորդացը կը պատշաճի եւ կը բաւարարուի բարոյական պարգեւով:

Ես ի՞նչ ընեմ հոգիով…

Ազգը ի՞նչ ընէ ճանաչման տիրացուական մխիթարական պարգեւով…

Ի՞նչ բերին Ուրուկուէյէն սկսեալ մինչեւ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, անթիւ քաղաքապետութիւններու ճանաչումները…

Հայկական Հարցը մազաչափ յառաջխաղացք ունեցա՞ւ…

Հայկական Հարցը պարզ եւ անլոյծ խնդիր մըն է. ան ժողովուրդի մը իր հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու իրաւունքն է, որ բռնաբարուած է ցեղասպանութեամբ եւ հայրենահանումով, որոնց դարմանը մխիթարական եւ օդին մէջ ըսուած խօսքի մշուշը չէ, այլ գործուած զոյգ ոճիրներէն առաջինի՝ յանուն համամարդկային բարոյական արդարութեան դատապարտութիւնն է եւ երկրորդի պարագային՝ վերապրողներու եւ անոնց ժառանգներու իրենց հայրենիքի տիրութիւնը վերագտնելու կենսագործող վճիռը:

Այդ վճիռի պահանջի եւ անոր գործադրութեան կամքը կը բացակայի մեզ յուզող ճանաչումներուն մէջ:

Խօսինք աւելի պարզ:

Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման որպէս օրէնք հրապարակումը, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի կողմէ ճանաչումը, հայրենահանուած հայուն բռնագրուած հայրենիքէն թիզ մը հող վերադարձնելու մասին կը խօսի՞ն: Ինչո՞ւ չենք ըսեր, եւ մեզմէ աւելի քաղաքական փորձ ունեցող եւ աւելի գիտակ Ֆրանսան, Ամերիկան եւ ուրիշներ չեն ըսեր, որ ցեղասպանութիւն գործուած էր հայու հայրենիքի բռնագրաւման եւ իւրացման համար, այդ ոճրային միտումը եւ անոր գործադրութիւնը պէտք է դատել, դատապարտել եւ իրաւունք վերականգնել:

Ինչ որ կայ հրապարակին վրայ՝ օրէնքներու շղարշով բառերու հանդէս կամ կռիւ է. լոկոմաշի (logomachie):

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տեղեկագիրներուն մէջ ալ արձանագրուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Մարդկային Իրաւանց ենթայանձախումբի հին թուղթերը կը վկայեն,- նկատի ունենալով ցեղասպանութեան կանխումը եւ պայքարը փոքրամասնութիւններու հանդէպ խտրականութեան, այդ Պենժամէն Ուիդէյքըրը տեղեկագիրն էր, որ անուղղակի ճանաչումն էր Հայոց Ցեղասպանութեան, որպէս օրինակ յիշուելու համար ՄԱԿի կողմէ: Բայց ինչպէս իրարու յաջորդած ճանաչումները, նաեւ ՄԱԿի տեղեկագիրը, մնացին եւ կը մնան տպաւորիչի եւ յուզիչի սահմաններուն մէջ: Ոչ մէկ վճիռ եւ կամք՝ սխալները սրբագրելու եւ իրաւունք վերականգնելու:

Ճանաչումները եւ ՄԱԿի արձանագրութիւնները, համագումարները յանձնառութեան եւ գործադրութեան առաջնորդող քաղաքական որոշումներ չեն: Անոնք կը նմանին մեծ սրահներու մէջ կարեւոր առիթներով հնչած տերեւ չշարժող բանգէտներու ճառերուն:

Իրաւունքի վերականգնումի մասին ոչ մէկ արձանագրութիւն կամ որոշում կայ: Ա՛յս պէտք է յիշեցնել եւ կրկնել:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարած եւ պայքարող ուժերը իրենք ալ չեն խօսիր այդ ոճիրի իսկական դրդապատճառին եւ հետեւանքին մասին. հողի բռնագրաւման քաղաքականութեան հետեւանք էին ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը:

Զբօսաշրջիկ քաղաքագէտի պարզ տրամաբանութեան կոչ ընելով, պէտք է հարց տալ, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանէն քարընկեց մը հեռու (այս պատկեր չէ, այլ պարզ իրականութիւն, երբ կը կանգնիք Ախուրեանի ափին եւ քար մը կը նետէք սահմանին միւս կողմը) կը պարզուի հայոց մայրաքաղաք Անին: Եթէ ճանաչում քուէարկողները երթան մինչեւ հայոց առաջին մայրաքաղաքը, մոմ մը վառեն Աղթամարի եկեղեցւոյ մէջ, թերեւս իրենք իրենց հարց կրնան տալ, թէ ինչո՛ւ հայ ճարտարապետի հայ եկեղեցւոյ տէրը հայը եւ Հայաստանը չեն:

Թող ներուի ինծի յաղթանակի գինովութիւն չապրիլ ամէն անգամ որ ցեղասպանութիւնը ճանչցողներ ըլլան: Զանոնք արձանագրենք մեր բարեկամներու ցանկին վրայ: Այդքա՛ն: Բայց անոնք պատմութիւնը եւ իրաւունքը իրենց ճիշդ հունին մէջ դնողներ չեն: Եւ մեր յուզումները, խանդավառութիւնները, յաղթանակածի սոսկ համայնքներու էսթեպլիշմընթային աղմուկի կը նմանին, քանի որ Հայկական Հարցին լուծումը փապուղիէ (թունէլ) դուրս չեն բերեր:

Ամերիկային պէտք է յիշեցնել, որ միջազգային որոշման մը հետեւանքով իր նախագահին գծած քարտէսին տէր չէ՝ Ուիլսընեան սահմաններ:

Ֆրանսային հարցնել, թէ ինչո՛ւ պզտիկ դաշնակիցին խոստացուած Կիլիկիան յանձնեց ցեղասպանին, բարենիշ տալով անոր:

Յիշեցնել նաեւ Անգլիոյ՝ իր վարչապետ լորտ Սեսիլի յանձնառութիւնը, ըստ որուն, պատերազմէն վերջ (Առաջին համաշխարհայինէն), Հայաստանի մէջ թրքական իշխանութեան հետք պիտի չմնար:

Ճանաչումներէն անդին, ազգի իրաւունքի վերականգնման քաղաքականութիւնն է էական, որ ո՛չ բարոյական պարգեւ է եւ ոչ ալ տիրացուական մխիթարութեան որոնում:

Հայկական Հարցը իր գլխուն վրայ կանգնեցնելով տեղ չենք հասնիր, զայն պէտք է կանգնեցնել իր ոտքերուն վրայ, որպէսզի երբ ուրիշներ մեզ կը խաբեն (խաբած են), գէթ մենք մեզ չխաբենք:

Ամերիկեան Ներկայացուցիչներու տունը եւ Ծերակոյտն ալ ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիան տրնտնջաց:

Յետոյ ի՞նչ:

Կը մտածեմ, որ եթէ վաղը, մէկ ամիսէն, մէկ տարիէն, հրապարակ գանք, որ բռնագրաւած Հայաստանը վերադարձուի իրաւատիրոջ, քաղաքավար խօսակիցներ եւ լսողներ կրնան ըսել, որ Ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջեցիք, բաւարարեցինք ձեր պահանջը, հիմա ինչո՞ւ եկած էք նոր պահանջով մը, որուն մասին երէկ չէիք խօսեր:

Հայկական Հարցի սահմանափակումը Ցեղասպանութեան ճանաչման զսպաշապիկին մէջ հայ քաղաքական միտքին համար խոտորում է, զոր այսօր պէտք է սրբագրել, որպէսզի օրէնքներ, յայտարարութիւններ եւ յուզումներ էականը չմոռցնեն, հոգեհանգիստ չըլլան վասն մեր ներկայի եւ ապագայի միտքերուն եւ արարքներուն:

Եւ օր մը Ռուբէն Որբերեան բանաստեղծին պէս չերգենք.

Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան,

Հին երազներս ամպերու պէս կ՛անհետին,

Յիշատակն ալ կ՛անցնի երգի՛ մը նման…