Յովհ. Թումանեան-150. Երեք Գիրքի Շնորհանդէս՝ Թիֆլիսի Մէջ

Սփիւռք

Դեկտեմբեր 11-ին, Թիֆլիսի մէջ, Վրաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հանդիսութիւններու սրահին մէջ կայացաւ Յովհաննէս Թումանեանի երեք նոր գիրքերու շնորհանդէսը եւ երկու հանճարներու՝ Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի 150-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած ձեռնարկներու ամփոփումը:

Ձեռնարկին ներկայ էին Վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ հոգեշնոր Տէր Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանը, Ախալքալաքի եւ Գումբուրդոյի միթրոփոլիթ Գերաշնորհ Նիկոլոզ Փաչուաշվիլին, քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ, վիրահայոց թեմի հոգեւորականաց դասը, Վրաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան առաջին փոխնախարար Պատրի Մաիսուրաձէն, Վրաստանի հաշտութեան եւ քաղաքացիական հաւասարութեան նախարարութեան, Աբխազիոյ մշակոյթի նախարարութեան բարձր պաշտօնեաներ, Վրաստանի խորհրդարանի անդամներ, դիւանագէտներ, համայնքային գործիչներ, հասարակայնութեան ներկայացուցիչներ:

Երեւանէն ժամանած էր հեղինակաւոր պատուիրակութիւն՝ Թումանեանի թանգարանի տնօրէն Անի Եղիազարեանի գլխաւորութեամբ: Դահլիճը զարդարած էր «Արմէնփրէս» գործակալութեան «Յետահայեաց» ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էին գործակալութեան կողմէ Թումանեանի 100-ամեակին առիթով պատրաստուած ու ներկայացուած լուսանկարները:

Ներկայացուած էին Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին նուիրուած երեք նոր գիրքերը: «Տասը հեքիաթ» ժողովածուն, ուր զետեղուած են վրացի բանաստեղծ Իոսեփ Գրիշաշվիլիի կողմէ թարգմանուած Թումանեանի չորս հեքիաթները, աւելցած էր եւս վեց հեքիաթ, որոնց թարգմանութիւնը իրականացուցած է բանաստեղծ-թարգմանիչ Կիվի Շահնազարը:

«Թումանեան-150» գիրքին մէջ տեղ գտած են Թումանեանի չթարգմանուած քառեակները, նախապէս թարգմանուած քանի մը բանաստեղծութիւններ եւ նամակներ: «Թումանեան լուսեղէնը» կազմած է վրացագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսըր Հրաչեայ Պայրամեանը, անիկա կ՝ընդգրկէ Թումանեանի՝ Վրաստանին ու վրաց բարեկամներուն նուիրուած բանաստեղծութիւնները, յօդուածները եւ նամակները, ինչպէս նաեւ վրացի գործիչներու՝ Թումանեանին ուղղուած նամակները, բանաստեղծութիւնները, գնահատականները: Գիրքը տպագրուած է ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան, Վիրահայոց թեմի եւ անհատ բարերար Սերգէյ Սիմոնեանի ծախսերով:

79185452 2635789753204487 3851469909317910528 O

79703470 2635791036537692 6074850066139447296 O

Armenianchurch.ge