Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Նախագահ Տոնըլտ Թրամփը դէպի ամբաստանեալի աթոռ տանող շոգեկառքը Երեքշաբթի, 10 Դեկտեմբերին կտրեց կարեւոր հանգրուան մը եւս, երբ Ներկայացուցիչներու Տան քննիչ յանձնախումբերը, սուրը պատեանէն հանելու տրամադրութեամբ, միաձայնութեամբ հրապարակեցին երկու հիմնական մեղադրագիր։ Թրամփ ամբաստանուեցաւ ոճրային արարքներ գործելու եւ

խորհրդարանի գործունէութիւնը արգելակելու յանցանքերով, մեղադրանքներ՝ որոնք կրնան յանգիլ անոր պաշտօնավարութեան դադրեցման (նաեւ չհասնիլ հոն)։

Եթէ փորձենք Սպիտակ Տան պետին դէմ տարիներէ ի վեր կուտակուող մեղադրանքները ցուցակագրել, այս սիւնակները բաւարար պիտի չըլլան։ Անմիջապէս ըսենք, որ ան բացառութիւն մը չէ։ Ան հիմնականին մէջ կ՛ամբաստանուի անձնական շահերը երկրի շահերէն վեր դասելու եւ արդարութեան ու ճշմարտութեան յայտնաբերումը խոչընդոտելու յանցանքներով։ Այս հաստատումներուն մասնիկներն են մրցակիցներու դէմ շահեր ապահովելու համար՝ օտար պետութեանց (առայժմ Ռուսիա եւ Ուքրանիա) աջակցութիւնն ու միջամտութիւնը հայցելը, երկրին ու սահմանադրական ուխտին դաւաճանելը, տարբեր մակարդակներու վրայ բացուած քննութիւնները արգելակելն ու խոչընդոտելը եւ այլ «ենթամասնիկներ» (նիւթական չարաշահումները, շահատուրքէ խուսափումը եւ բարոյական գայթակղութիւններ այս ցանկէն դուրս կը մնան)։ Հիլըրի Քլինթընէն մինչեւ Ճօ Պայտըն կը գտնուին Թրամփի թիրախներու ցանկին վրայ։ Ամերիկեան մամուլն ու քաղաքական բեմի վարիչները արդէն երեք տարիէ ի վեր անհաշիւ ու անհատնում տեղեկութիւններ հրապարակած են, բազմամակարդակ քննութիւններ բացուեցան ու գոցուեցան, մինչեւ որ ստեղծուեցաւ այն ենթահողը, որուն վրայ հիմնուեցաւ 10 Դեկտեմբերի մեղադրանքը։ Զանգուածային լրատու միջոցներն ու մանաւանդ կատակաբանները անսպառ նիւթ ունեցան՝ իրենց հետեւողները գիշեր-ցերեկ զբաղ պահելու համար այս թղթածրարներով։

Ճիշդ է, որ Թրամփի դէմ մեղադրանքները սկիզբ առած էին անոր Սպիտակ Տուն մուտքէն անմիջապէս ետք, սակայն շոգեկառքը նոր թափ ստացաւ աւելի քան տարի մը առաջ, երբ Դեմոկրատ կուսակցութիւնը շահեցաւ Ներկայացուցիներու Տան աթոռներուն մեծամասնութիւնը։ Ո՛չ ոքի համար գաղտնիք է, որ շոգեկառքը հետզհետէ աւելի արագ ընթացք ստացաւ, երբ հորիզոնին վրայ սկսան աւելի յստակ կերպով երեւիլ 2020-ի ընտրութիւններուն գլխաւոր գիծերը։

Դեմոկրատներուն շղկայազերծած արշաւին սաստկացման դիմաց, նախագահն ու իր համախոհները մնացին ու կը մնան անվրդով։ Անոնք անհիմն կը նկատեն բոլոր ամբաստանութիւնները. մինչ դեմոկրատները կը պնդեն, որ եթէ Թրամփի կուտակած յանցանքները զայն մեղադրեալի աթոռին նստեցնելու եւ ի հարկին պաշտօնազրկելու համար անբաւարար են, ուրեմն ոեւէ ծանր յանցապարտ անկարելի է հետապնդումի ու հաշուետուութեան ենթարկել։ Հանրապետականներէն շատեր, ընդունելով հանդերձ, որ նախագահը կատարած է անուղղայ բաներ, յաւելեալ փաստ կ՛որոնեն եւ ցարդ եղածները անբաւարար կը նկատեն նախագահ մը ամբաստանելու եւ ի հարկին պաշտօնազրկելու համար։ Ոմանք ալ սկզբունքով դէմ են ոեւէ նախագահ մեղադրելու ընտրանքին, մինչեւ իսկ եթէ փաստուի, որ ան անձնական շահերու համար պատրաստ է երկիրը ծախելու։ (Ո՞վ կը խօսի Թուրքիոյ մէջ մասնակի շահեր հետապնդելու համար Թրամփի անտեսումներուն եւ անուղղայ արարքներուն մասին…)

***

Շոգեկառքը հիմա կը սուրայ դէպի յաջորդ կայարան։ Կը սպասուի, որ Ներկայացուցչական Տունը յառաջիկայ օրերուն մեղադրագիրը քուէարկութեան դնէ, ու վստահաբար պիտի որդեգրէ՝ աչքի առջեւ ունենալով աթոռներու բաշխումը, ապա, շոգեկառքը պիտի հասնի Ծերակոյտի կայարանը. մեղադրանքին հաստատման ու հաւանական պատժամիջոցներու համար, ամբաստանագիրը հոն կը կարօտի երկու-երրորդի մեծամասնութեան, ինչ որ ստոյգ չէ։ Մինչեւ իսկ եթէ Ծերակոյտը դատապարտէ նախագահը, հորիզոնը կը մնայ որոշ հարցականներու տակ. նախագահը կրնայ մնալ պաշտօնի վրայ, անոր պաշտօնազրկման հաւանականութիւնները մեծ չեն։ Հարցական կը մնայ նաեւ այն, որ մեղադրականները միայն նախագահո՞վ պիտի սահմանափակուին, թէ պիտի տարածուին անոր բարձրաստիճան ու կրտսեր գործակիցներուն վրայ (փոխ նախագահ, նախարարներ, խորհրդականներ, ընտանիքի անդամներ՝ որոնք Անգլիոյ թագաւորական ընտանիքին նախանձը շարժող իշխանապետութիւն մը՝ թայիֆայականութիւն մը ստեղծած են)։ Չարաճճի ակնարկութիւններ կ՛ըլլան, թէ այս բոլորէն ետք, Թրամփ մինչեւ իսկ բաւարար ուժանիւթ կրնայ կուտակել… վերընտրուելու համար, արդարացնելով այն տեսութիւնը, որ բուն ընտրողները խորքին մէջ կը գործեն վարագոյրներու ետին, անոնք է որ կ՛որոշեն, թէ ընտրեալի մը դերը ո՛ւր կը սկսի, ո՞ւր պէտք է վերջանայ (Աստուած լուսաւորէ հոգիները Անուար Սատաթի, Իցհաք Ռապինի, Սատտամ Հիւսէյի ու Քազաֆի պէս դէմքերու)։

 

***

 

Շոգեկառքին սրընթաց արշաւին հետեւող դէտերուն համար մէկ բան յաստակ է։ Այս գործընթացը առաւելաբար քաղաքական մրցակցութեան ջաղացքը կը դարձնէ։ Դեմոկրատները կը նպատակադրեն յառաջիկայ տարի շահիլ նա՛եւ Ծերակոյտի աթոռներուն մեծամասնութիւնը, ապա նաեւ վերադառնալ Սպիտակ Տուն։

Առայժմն երկրորդական կը նկատուի այն, որ նման յաջողութիւններ իրականացնելու պարագային, դեմոկրատները ի՞նչ հեռանկարներ պիտի մարմնաւորեն, որովհետեւ փաստ է, որ Օպամայի նախագահութեան առաջին շրջանին, անոնք ունէին բոլոր առաւելութիւնները եւ սակայն, հազիւ թէ ի շահ երկրին ու ժողովուրդին օգտագործեցին այդ առիթը, ու եթէ յաջողեցան որոշ ծրագիրներ ու քաղաքական յառաջընթացներ արձանագրել (ընկերային բարեկարգումի նշոյլներ, Իրանի հետ համախոհական ընթացք, կենսոլորտի տագնապ եւ այլն), Թրամփի օրով «իսկական հեղինակութիւնները» շրջեցին շատ բան, առնուած մանր քայլերու դիմաց իրականացուցին մեծ ետդարձներ։

***

Թրամփի ի նպաստ կամ դէմ տարուող արշաւները գրաւած են քաղաքական բեմն ու ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը։ Հետեւանքներն ալ բազմազան են։ Միացեալ Նահանգներու մէջ երկփեղկումը, ծայրայեղականութիւն, ժողովրդային խաւերու-խմբաւորումներու միջեւ վիհերը հասած են աննախընթաց խորութեան ու սաստկութեան, մինչդեռ պետութեան մը եւ զայն վարողներուն դերը՝ իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր, պէտք է ըլլայ խրամատներու կամրջումը, կարողականութեանց մէկտեղումը եւ թշնամանքներու դարմանումը։ Երկրի մը գերագոյն շահերուն պաշտպանութիւնը եւ այլոց հետ համերաշխ ներդաշնակումը ամէնէն ազնիւ մարտահրաւէրն են որեւէ երկիր ղեկավարութեան համար, իսկ ղեկավարութիւնը կ՛ընդգրկէ իշխանութեան ղեկին եղողն ու ընդդիմադիրի խրամատներուն մէջ գտնուողը՝ հաւասարապէս…

Պատասխանատուներ ու ամբողջ ժողովուրդը հազիւ կ՛անդրադառնան թէ նախագահի մը կամ այն բարձրաստիճան պատասխանատուներու (գործող թէ անցեալի) ծաղր ու ծանակ դառնալը պատճառ կ՛ըլլայ նա՛եւ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ վարկաբեկման ու արժեզրկման։ Բնական է, որ նախագահ մը կամ երկրի մը գերագոյն պատասխանատուները կոչուած են չկատարելու այնպիսի յանցանքներ, արարքներ, որ զիրենք ծաղրանքի ու պարսաւանքի առարկայ դարձնեն, սակայն ընդդիմադիրներն ալ հաւասարապէս կոչուած են համապատասխան պատասխանատուութեամբ գործելու՝ ի խնդիր հարցերու դարմանումին։ Նիւթընեան՝ «իւրաքանչուր արարք իր դիմաց կը գտնէ համապատասխան հակա-արարք, հակազդեցութիւն» տեսութիւնը քաղաքական կեանքի մէջ պէ՛տք է արժանանայ տարբեր ընկալումի, երբ խնդրոյ առարկայ են ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ շահերը։ Եթէ Ռուսիա կամ Չինաստան ի՛սկապէս հակառակորդ-թշնամի են Միացեալ Նահանգներու (յետ-խորհրդային տարիներու աշխարհին մէջ այս հակադրութիւնը, մրցակցութիւնը, չունին աւանդական արժէքը, բնոյթը, յետին գործակցութիւնները յաճախ աւելի տիրական են՝ մասնակի շահերու հետապնդումով), ուրեմն, պետութեան մը գերագոյն պատասխանատուին դէմ նման արշաւներու բնական հետեւանքը կ՛ըլլայ այն, որ դուռները աւելի լայն կը բացուին ենթադրեալ մրցակիցներու կողմէ կացութեան շահարկման ո շահագործման առջեւ (կարելի է հարց տալ, թէ Մոսկուայի կամ Փեքինի, Փիոնկեանկի մէջ ու այլուր, որոշ մարդիկ ինչպիսի՜ քմծիծաղով կը դիտեն ամերիկեան բեմի յառաջամասին տեղի ունեցող բեմադրութիւնները, իսկ վարագոյրներու ետին ճիշդ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, երբ, օրինակի համար Լաւրով մը կը տեսակցի Թրամփի եւ խմբակին հետ, կամ Փութին մը՝ Մաքրոնի ու Մերքելի «կնքահայրութեամբ», հանդիպում կ՛ունենայ Ուքրանիոյ Զելենսքիին հետ, որ անդին թրամփեան հերոս մըն է այլ ոլորտի մէջ…)։

Տակաւին, հարց է, թէ երկիրն ու ժողովուրդը ի՛սկապէս յուզող, տագնապեցնող հարցերը ի՛նչ չափով երեսի վրայ ձգուած են երկու ախոյեաններուն այս խօլ վազքին հետեւանքով։

Վերջապէս, շոգեկառքին վազքը յաւելեալ ապացոյց եւ հիմնաւորում կը բերէ այն տեսութիւններուն, որ նոր աշխարհին մէջ, պետութիւնները եւ անոնց գերագոյն վարիչները պէտք է վարկաբեկ ըլլան, անոնց հեղինակութիւնը սահմանափակուի, որպէսզի պետութիւնները իրենց հակակշիռին ենթարկող «բուն հեղինակութիւնները», սահման ու չափ չճանչցող՝ անտեսանելի ուժերը աւելի՛ ազատ ձեռքերով յառաջ մղեն մասնակի շահերը, ի հեճուկս զանգուածներու, ժողովուրդի մեծամասնութեան, աւելի բացայայտ կերպով կատարեն այս կամ այն երկիրն բնական հարստութեանց կողոպուտը։

***

Տարուէ տարի աւելի՛ ու աւելի՛ բարձր հնչեղութիւն գտնող նոր «վարկած» մը կարծէք թէ կը հիմնաւորուի իրական գետին վրայ. այսինքն, հզօր ու փոքր երկիրներու պետական ղեկերուն վրայ կը բերուին տխմարութեան ու համբակութեան մրցանակակիրներ, սահմանափակ կարողութեամբ ու բաժանարարի կարողութեամբ օժտուածներ (Անգլիոյ ընտրապայքարի վերջին օրերուն, մեկնաբանները միաձայն էին, թէ երկրին մէջ երկփեղկումն ու բաժանուածութիւնը մտահոգիչ կերպով խորացած է, իսկ Անգլիա առանձնակի բացառութիւն չէ, նման խորունկ վիհեր կարելի է գտնել Կովկասէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա ու Ծայրագոյն Արեւելք…)։

…Մօտաւորապէս երեք տասնամեակ առաջ, քաղաքական աշխարհի բառամթերքին մէջ աննախընթացօրէն գործածական դարձաւ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ եզրը, որ դրական գործօններու կողքին, աշխարհին բերաւ աննախընթաց աղէտներ։

Արժանապատիւ մարդուն կը մնայ ինքզինք ու հայրենիքները ձերբազատել այս երեւոյթին բացասական գործօններէն, որպէսզի վաղը Նոպէլեան մրցանակներու շարքին չաւելնայ փանջունիականութեան մրցանակ մըն ալ։ Ի վերջոյ, պէտք չէ մոռնալ, որ աշխարհի պատմութեան կերտումին մէջ, շինարարներու եւ բարեկարգողներու կողքին, դեր ունեցած են ու կը շարունակեն ունենալ, դժբախտաբար, Ռուպիքոնը անցնող Կեսարներ, Ներոններ, Ճենկիզ Խաներ, Հենրի Ը.-ներ, Մարի Անթուանէթներ, Սուլթան Համիտներ, Սթալիներ ու Բերիաներ, Հիթլէրներ, Մուսոլինիներ եւ անոնց «արժանաւոր» ժառանգորդները…