Գիւղական Զբօսաշրջութեան Զարգացման Ծիրին Մէջ Նորոգուեցաւ Թաթոյեաններուն Ջրաղացը

Հայաստան

Ներքին Գետաշէն գիւղին մէջ գտնուող 1800-ականներու ջրաղացը Թաթոյեաններու ընտանիքը վերածած է իսկական ժամանակի մեքենայի: Անոնք իրենց այցելող տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն կը ցուցադրեն ջրաղացի աշխատանքը, կը պատմեն անոր ստեղծման պատմութիւնը:Այս մասին կը հաղորդէ “Արմէնփրես”-ը։

Գիւղական զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները Թաթոյեանները կը նկատեն նաեւ իրենց գործընկերներունը: Ջրաղացպան Մեժլում Թաթոյեան կը պատմէ, որ՝ տեղեկանալով ԱԿԲԱ հաստատութեան եւ Գերմանիոյ բնութեան պահպանութեան միութեան (NABU) «Գիւղական զբօսաշրջութեան զարգացման ծրագիր»ին մասին, անմիջապէս դիմած է։ «Արդիւնքը սպասեցնել չտուեց։ ԱԿԲԱ-ի եւ NABU-ի  աջակցութեամբ մենք կարողացանք կառուցել եւ վերանորոգել մեր ջրաղացը: Շնորհակալ եմ, որ մեզ աջակցեցին եւ օգնեցին»,- ըսաւ Թաթոյեան։