Ի՞նչ Տեղի Կ’ունենայ Արցախի Շուրջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Աւետիք Չալապեան

«Ազգային օրակարգ» կուսակցութեան համահիմնադիր

Շատերդ հետեւած էք Պրատիսլաւիոյ մէջ ԱԳ նախարարներու հանդիպման, եւ թերեւս տարակուսած էք հանդիպումէն ետք տարածուած կցկտուր տեղեկատւութենէն ու ԱԳ նախարարներու իրարամերժ ելոյթներէն, մտածելով, թէ անիկա ինչ կրնայ նշանակել, եւ գործընթացը ինչ ուղղութեամբ պիտի ընթանայ։ Որպէսզի այս բոլորը աւելի լաւ հասկնանք, փորձենք հետեւիլ մինչ այս բանակցութիւնները, վերջին երկու ամիսներուն կողմերու ձեռնարկած գործողութիւններուն։

Սկսինք Ատրպէյճանէն, քանի որ ցաւօք նախաձեռնութիւնը վերջին շրջանին անոր ձեռքն էր։

Ատրպէյճան

Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող ամենակարեւոր իրադարձութիւնը ներքին պալատական յեղաշրջումն է, որուն միջոցով նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ անոր հիմնական գործընկեր (եւ համատեղութեամբ առաջին տիկին) Մեհրիպանը երկու ամսուայ ընթացքին իշխանութիւնը մաքրեցին դեռ հայր Ալիեւէն մնացած բազմաթիւ կարկառուն դէմքերէն, եւ նոյնիսկ Ատրպէյճանի համար աննախադէպ գործողութիւն իրականացուցին՝ ցրելով առանձնապէս մեծ բան չներկայացնող, բայց փտածութեան առումով մեծ բեռ կրող խորհրդարանը։ Ասոնք ակնյայտ քայլեր են՝ նոր քաղաքական վերնախաւ ձեւաւորելու, եւ իշխանութիւնը անցնցում Մեհրիպանին յանձնելու ուղղութեամբ, եւ Ատրպէյճանի մէջ իրադարձութիւնները պիտի զարգանան այս տրամաբանութեամբ, թէեւ տարբեր ուժեր դեռ պիտի փորձեն զանոնք խանգարել ։

Ատտրպէյճանի գործողութիւնները Արցախեան հարցով պէտք է դիտարկել նոյն այս տրամաբանութեամբ, քանի որ որեւէ քայլ պէտք է նպաստէ գործող իշխանութեան հիմնական նպատակին՝ սահուն իշխանափոխութեան։

Այս իմաստով, Ատրպէյճանի իշխանութիւնը ձեռնարկեց քանի մը քայլ, որոնք վերջին շրջանին, ընդգծուած կոշտացուցին անոր բանակցային դիրքորոշումը։ Այն նախ յայտարարեց յաջորդ տարի պաշտպանական պիւտճէն 22%-ով մեծցնելու մասին (մինչեւ 2,27 միլիառ ԱՄՆ տոլար), ի դէպ պետական պիւտճէի այլ ծախսերը կրճատելու հաշուին, ինչպէս նաեւ յայտարարեց, որ անկէ գրեթէ մէկ միլիառ նախատեսուած է սպառազինութիւններու նոր մեծ խմբաքանակներ գնելու համար՝ գլխաւորաբար Ռուսիայէն։

Բանակցութիւններու նախօրէին, Սլովաքիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը հրապարակեց երկրի ԱԳՆ պաշտօնական դիրքորոշումը, որմով յստակ նշեց, որ բանակցութիւններուն նպատակը հայկական զինուած ուժերու դուրս բերումն է «գրաւուած» տարածքներէն, իսկ Արցախի հարցի լուծումը հնարաւոր է միայն Ատրպէյճանի «տարածքային» ամբողջականութեան ծիրէն ներս եւ «Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնք»ի շահերու հաշուառմամբ, փաստացի ետ բերելով բանակցութիւնները 1996 թ․ Լիզպոնի գագաթնաժողովի տրամաբանութեան, նոյնը կրկնեց նաեւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարը՝ Պրատիսլաւիոյ գագաթնաժողովի իր ելոյթին։ Անոր զուգահեռ, Ատրպէյճանը մեծ ճակատով հոգեբանական գրոհ նախաձեռնած էր Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, օգտագործելով տարբեր քարոզչական հնարքներ, ոմանք՝ ցաւօք բաւականին յաջող, դատելով Կրիպոյետովի արձանի վրայ անիմաստ ոտնձգութենէն։

Հայաստան

Հայաստանը Ատրպէյճանի գործողութիւններուն մինչ այս պատասխանած է բաւական իւրայատուկ ձեւով՝ նախ, Կառավարութիւնը ներկայացուց 2020 թ․ պետական պիւտճէի նախագիծը, ուր պաշտպանական ծախսերը չեն աւելնար, փաստացի այն պատճառաբանութեամբ, որ անոնք արդէն աւելցուած են այս տարի, թէեւ նոյնիսկ այդ յաւելումներով, մենք դեռ երեք անգամ կը զիջինք Ատրպէյճանին, իսկ յաջորդ տարի այդ տարբերութիւնը աւելի պիտի մեծնայ։ Ծանր սպառազինութիւններու գնման 2017-2019 թթ․ ծրագիրը շուտով պիտի աւարտի, սակայն որեւէ նոր ծրագրի մասին դեռ խօսք չկայ։

Մեր ԱԳ Նախարարը BBC-ին տուած իր յայտնի հարցազրոյցին գրեթէ ընդունեց, որ Հայաստանը ռազմական յանցագործութիւններ իրականացուցած է Արցախեան պատերազմին, եւ միայն Ատրպէյճանի դրդող յայտարարութենէն ետք վերջապէս հանդէս եկաւ պատասխանով, որմով պահանջեց Ատրպէյճանէն ճանչնալ Արցախի ժողովուրդի ազատ կամարտայայտման իրաւունքը (որ երկար սպասուած, բայց թերեւս արդէն ուշացած քայլ է)։

Անոր աւելցած է վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանի «խաղաղասիրական» գործունէութիւնը, որուն գագաթնակէտն է Մեհրիպան Ալիեւայի հետ Արցախի մէջ մուղամ լսելու վերջին հրաւէրը (յոյսով եմ, ան կը հրաժարի, եւ մենք կը խուսափինք այդ խայտառակութենէն)։ Հայաստանի իշխանութիւնը ակնյայտօրէն անցած էր Տէր-Պետրոսեանի «Մեր պաշտպանուածութիւնը մեր անպաշտպանութեան մէջ է» վարդապետութեան իրականացման, յոյս ունենալով, որ խաղաղասիրութիւն խաղալով, անիկա կրնայ ինչ որ առաւելութիւն ձեռք բերել բանակցային գործընթացին։ Իրական քաղաքականութեան տեսակէտէն, ասիկա ընդամէնը պատրանք է, եւ մինչ այժմ միայն թոյլցուցած է մեր դիրքերը բանակցային սեղանի շուրջ։

Ռուսիա

Ռուսիան առերես կը փորձէր հաւասարակշռուած դիրքորոշում պահպանել Արցախի շուրջ ընթացող բանակցային գործընթացին, բայց բազմաթիւ կողմնակի գործողութիւններէ ակնյայտ է անոր շահը՝ հասնիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ «խաղաղ» գործարքի, որուն արդիւնքով ռուսական խաղաղապահները կը յայտնուին մեր կողմէն զիջուող ազատագրուած տարածքներուն մէջ, եւ Ռուսիան կը ստանայ յետագայ կարգաւորման հիմնական բանալիները։

Անիկա կը ներկայացուի իբրեւ բոլորի համար շահաւէտ լուծում՝ Ատրպէյճանը հնարաւորութիւն կը ստանայ վերադարձնելու բնակութեան նախկին վայրերը պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած բնակչութեան զգալի մասին, Արցախը (եւ անուղղակիօրէն Հայաստանը) անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ կը ստանայ, երկու կողմերն ալ կը խուսափին պատերազմէն, իսկ Ռուսիան՝ իբրեւ այդ լուծման երաշխաւոր, լրացուցիչ լծակներ կը ստանայ բոլոր կողմերու վրայ։

Անոր կը գումարուի Ռուսիոյ անթաքոյց շահը՝ Ատրպէյճանը աւելի ներքաշել իր ազդեցութեան ոլորտ, մանաւանդ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցող հակառուսական իրադարձութիւններու եւ Թուրքիոյ հետ Ռուսիոյ մարտավարական մերձեցման հիմքին վրայ։ Փաստացի, Ռուսիան կը զարգացնէ այնպիսի լուծում, որ ձեռնտու է իրեն եւ Ատրպէյճանին, սակայն մեզի համար կը նշանակէ անվերադարձ կորուստներ, եւ առաւել կախուածութիւն՝ նոյն այդ Ռուսիայէն։

ԱՄՆ/ԵՄ

Արեւմուտքի երկու հիմնական խաղացողները վերջին ամիսներուն եւս տարօրինակ ձեւով նախաձեռնութիւնը զիջած էին Ռուսիային։ Ասիկա կը բացատրուի ԱՄՆ ներկայ վարչակազմի ընդհանուր ձգտումով՝ դուրս գալ Ռուսիոյ հետ տարբեր շրջանային հակամարտութիւններէն, եւ սեփական ուժերը կեդրոնացնել աւելի հզօր ռազմավարական հակառակորդի՝ Չինաստանի վրայ։ ԵՄ-ի մէջ այդ մօտեցումը եւս բազմաթիւ ջատագովներ ունի, ուստի կայ ընդհանուր միտում՝ Արցախեան կարգաւորման հարցով առաջին ջութակը զիջիլ Ռուսիային, ինչէն ալ անիկա ակնյայտօրէն կ’օգտուի, պարբերաբար շեշտելով իր դերը, եւ վերցնելով հիմնական նախաձեռնութիւնը վերջին շրջանին։

Արցախ

Արցախը, փաստացի, դուրս մնացած է բանակցային գործընթացէն։ Եթէ նախապէս անոր ղեկավարութիւնը ունէր միասնական (եւ բաւական կոշտ) դիրքորոշում, եւ անիկա զսպող գործօն էր մնացածներու համար, այսօր ներքաղաքական մրցակցութիւնը նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ խիստ բարդացուցած է այդպիսի դիրքորոշման ձեւաւորումը, եւ փաստացի դիւրացուցած Ատրպէյճանի կողմէ մեր վրայ գործադրուող ճնշումը։

Եթէ ամփոփենք այս ամէնը, կը հասկնանք, որ մենք յայտնուած ենք խիստ անբարենպաստ իրավիճակի մէջ։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը այդ մէկը յստակ կը հասկնայ՝ ան կը տեսնէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնը Արցախեան կարգաւորման հարցով չունի յստակ դիրքորոշում, որ Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները բազմաթիւ հակասութիւններ ունին, իսկ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւնները բոլորովին սառած են, որ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունին բազմաթիւ տարաձայնութիւններ, եւ մեր երկրէն ներս ալ կ’աճի քաղաքական լարուածութիւնը։

Այս բոլորը անոր յոյս կու տայ, որ Հայաստանը եւ Արցախը ընդունակ չեն ըլլար հանդէս գալու միասնական դիրքորոշմամբ, եւ որ մենք չենք կրնար ստանալ նաեւ մեր արտաքին գործընկերներու շօշափելի աջակցութիւնը ռազմական գործողութիւններու վերսկսման պայմաններու մէջ, եւ մինակ մնալով իր ռազմական մեքենային դէմ յանդիման, այս անգամ կ’ընկրկինք, եւ տանուլ կու տանք այդպիսի սուղ գինով ձեռք բերած մեր ռազմական յաղթանակը։

Մենք ընդհուպ մօտեցած ենք այն սահմանագծին, որմէ ետք մեզի կա՛մ կը սպառնայ պատերազմի վերսկսումը, կա՛մ միակողմանի անհամաչափ զիջումները՝ զայն կանխելու նպատակով։ Մենք կրնանք սակայն խուսափիլ անկէ, եթէ մեր հասարակութեան մէջ ձեւաւորուի առնուազն Արցախի հարցով վտանգի օրհասականութեան եւ միասնական համազգային մօտեցմամբ հանդէս գալու գիտակցութիւն, եւ ներքաղաքական բոլոր հակասութիւնները ստորադասուին այդ հիմնական գերակայութեան։

Հիմնական քայլը այստեղ պէտք է ընէ գործող իշխանութիւնը՝ համագործակցութեան ձեռք մեկնելով իր քաղաքական մրցակիցներուն, դադրեցնելով բաժանարար հռետորաբանութիւնը եւ անոնց տարբեր միջոցներով թիրախաւորելու գործելակերպը, եւ զօրաշարժի ենթարկելով ողջ ազգային ներուժը՝ հակահարուած տալու Ատրպէյճանի աճող նկրտումներուն, հակառակ պարագային ինք պիտի կրէ հիմնական պատասխանատւութիւնը յետագայ բոլոր զարգացումներուն համար։ Ժամանակը իրականութեան մէջ կը սպառի, եւ մենք լաւագոյն պարագային ունինք մինչեւ գարուն՝ մեր ներքին խնդիրները կարգաւորելու, եւ արտաքին վտանգի դէմ համազգային ճակատ ձեւաւորելու նպատակով։

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆԸ