Վարչապետին Որոշումով՝ Հայկական Պատուիրակութիւն Մը Ատրպէյճան Պիտի Գործուղուի

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Դեկտեմբեր 3-ին, ստորագրեց որոշում մը, որուն համաձայն, 4-7 Դեկտեմբեր հայկական պատուիրակութիւն մը պիտի գործուղուի Ատրպէյճան՝ Եւրոպա-Կովկաս-Ասիա միջազգային երթեւեկի միջանցքի (ՏՐԱՍԵԿԱ) Միջկառավարական յանձնաժողովի 14-րդ նստաշրջանին եւ կառոյցի 20-ամեակին նուիրուած ժողովին մասնակցելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի տեղակալ Արմէն Սիմոնեան, նոյն նախարարութեան ինքնաշարժներու երթեւեկի քաղաքականութեան վարչութեան արհեստագիտութեան քաղաքականութեան բաժինի պետ Արման Կարապետեանն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բազմակողմանի քաղաքականութեան ու զարգացման համագործակցութեան վարչութեան խորհրդական Արտեմ Ազնաւուրեան:

Նշուած է, որ գործուղման ճանապարհածախսը պիտի հոգայ ՏՐԱՍԵԿԱ-ի քարտուղարութիւնը, իսկ կեցութեան եւ օրապահիկին ծախսերը՝ Հայաստանը։

Յիշեցնենք, որ 17-21 Նոյեմբեր տեղի ունեցաւ հայ եւ ատրպէյճանցի լրագրողներու խումբերու փոխադարձ այցելութիւն։ Աւելի վաղ՝ 22 Սեպտեմբեր 2017-ին Ատրպէյճան այցելեցին Ազգային ժողովի այն ժամանակ դեռ պատգամաւոր Արմէն Աշոտեանն ու գործող պատգամաւոր Մանէ Թանդիլեանը: Պաքուի մէջ անոնք մասնակցեցան «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին։