Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Յայտարարած Տիարպեքիրի Փաստաբաններու Պալատը Կը Դատապարտէ Դատախազութեան Ճնշումները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Տիարպեքիրի փաստաբաններու պալատը դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեան համար պալատի նախկին ղեկավարութեան դէմ հետաքննութիւն սկսելու դատախազութեան նախաձեռնութիւնը:

«Ակօս»-ի տեղեկութիւններով՝ պալատի ներկայ ղեկավարութեան կողմէ եղած «Չենք վախնար, պիտի չի լռենք» խորագիրով յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Պալատի նախկին ղեկավարութեան կողմէ եղած յայտարարութիւնները պէտք է ընդունիլ նաեւ իբրեւ ներկայ ղեկավարութեան յայտարարութիւն: Եթէ ատիկա յանցանք է, ուրեմն մենք ալ յանցակից ենք»:

Յայտարարութեան մէջ յիշեցուած է, որ 2014 Ապրիլ 24-էն սկսեալ, նախագահ Էրտողանը «Ցաւակցական ուղերձ» կը յղէ, որ իրաւական առումով որեւէ խնդիր չի յարուցեր, սակայն իրենց պարագային ճիշդ հակառակն է:

«Այդ ժամանակուան վարչապետի յայտարարութիւնները կը տեղաւորուին խօսքի ազատութեան սահմաններուն մէջ, այնինչ՝ Տիարպեքիրի փաստաբաններու պալատի յայտարարութիւնը յանցանք կ՝ընդգրկէ: Այդպիսի դատական համակարգը չի կրնար արդարադատութիւն իրականացնել: Դատական համակարգը պէտք է հրաժարի երկակի ցուցանիշներու կիրառումէն»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Նշենք, որ նախօրէին Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը արտօնած էր Տիարպեքիրի փաստաբանական պալատի նախկին նախագահի եւ գործադիր խորհուրդի անդամներուն դէմ հետաքննութիւն սկսիլ 2018-ին, Ապրիլ 24-ի առիթով, պալատի հրապարակած յայտարարութեան համար:

Կազմակերպութեան նախկին նախագահ Ահմեթ Օզմենին եւ ղեկավար խորհուրդի 10 անդամի մեղադրանք առաջադրուած է քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածի յատկանիշներով՝ մասնաւորապէս «ժողովուրդը հրապարակայնօրէն ատելութեան եւ թշնամութեան հրահրելու, Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովը նսեմացնելու» կէտով:

Պալատի՝ 2018 Ապրիլ 24-ին ըրած «Կը կիսենք հայ ժողովուրդի չապաքինուող մեծ ցաւը» յայտարարութեան մէջ կը նշուէր.

«Ժամանակին պատասխանատուները, նախ հայ մտաւորականներն ու առաջնորդները ոչնչացնելով, իսկ յետոյ «Աքսորի մասին օրէնք»-ի անուան տակ զինուորական ստորաբաժանումներու եւ Հետախուզական կառոյցի՝ Teskilatı Mahsusa (Յատուկ կազմակերպութիւն) միջոցով մէկ միլիոնէն աւել քաղաքացի դէպի Սուրիոյ սահմաններ մահուան տանելով, վարած են դաժան քաղաքականութիւն:

Տառապանքը այնքան մեծ եղած է, որ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան մասին համաձայնագրին մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը ստեղծած են հայ ժողովուրդի նկատմամբ կատարուածէն ոգեշնչուած: Պոլսոյ, Տիարպեքիրի, Վանի եւ Անատոլիայի շարք մը քաղաքներու մէջ, ուր հայեր ապրած են, կոտորածի, աքսորի եւ տեղահանութեան յառաջացուցած աւերածութիւնը եւ խոր ցաւը թարմ կը մնայ: Յարգանքով կ՝ոգեկոչենք ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած քաղաքացիական անձերն եւ անմեղ բոլոր հայերը»: