Մնացականեան եւ Մամետեարով Պիտի Հանդիպին Դեկտեմբեր 4-ին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով պիտի հանդիպին Դեկտեմբեր 4-ին, Պրատիսլաւայի մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ նախարարական խորհրդաժողովի ծիրէն ներս` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ: