Հայաստան Առաջին Անգամ Պիտի Մասնակցի Գիտութեան Միջազգային Փառատօնին

Հայաստան

Հայաստանի աւագ դպրոցներու աշակերտները իրենց նորարարական գաղափարները պիտի ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուող Intel միջազգային արհեստագիտական փառատօնին: Այս մասին կը հաղորդէ “Մեդաիմասք”-ը։

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութենէն կը նշեն, որ հայ պատանիները պիտի ներկայացնեն իրենց հետազօտական ծրագիրները, որոնք հանրապետական փուլի ընթացքին պիտի անցնին միջազգային չափանիշներուն համապատասխան գնահատում: Յաղթող նախագիծը պիտի ներկայացնէ Հայաստանը Գիտութեան համաշխարհային փառատօնին:

Այդ նպատակով Հայաստանի աւագ եւ հիմնական 80 դպրոցներու ուսուցիչներ վերապատրաստուած են նախարարութեան մէջ:

«Այս նախագիծը գիտութիւնը երիտասարդացնելու մեր առաջին նախաձեռնութիւնն է` գիտութիւնը բերել դպրոց եւ աշակերտին հնարաւորութիւն տալ զարգացնել իր համապատասխան հմտութիւնները, վաղ տարիքէն սորվիլ հետազօտել ու ստեղծել նորը: Փառատօնին մասնակցելով ոչ միայն պիտի փորձենք բարձրացնել մեր երեխաներու հետաքրքրութիւնը գիտութեան նկատմամբ, այլ նաեւ վեր հանելու դպրոցներու մէջ մեր ունեցած ներուժը»,- ըսած է ԿԳՄՍ նախարարի խորհրդական Գոհար Մամիկոնեան:

 Մինչեւ 3 աշակերտէ բաղկացած անհատական կամ հետազօտական խումբերը, գիտական ղեկավարի եւ խորհրդատուի աջակցութեամբ, իրենց գիտահետազօտական ծրագիրներով պիտի մրցին 22 բնագաւառի մէջ, ինչպէս` ուսողութիւն, բնագիտութիւն, աստղագիտութիւնը, կենսաբանութիւն, մեքենաշինութիւն, բնապահպանական ճարտարագիտութիւնը, կենսաբժշկական եւ առողջապահական գիտութիւնները, համակարգերու ծրագրաւորումը եւ այլն:

Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 2020-ի Մայիսին: Մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ $ 5 միլիոն: Անոր պիտի մասնակի աշխարհի աւելի քան 75 երկրի շուրջ 1800 աշակերտ: