«Պետականութիւն Եւ Արժեհամակարգ. Մարտահրաւէրներ Եւ Անելիքներ» Խորագիրով Խորհրդաժողով Երեւանի Մէջ

Հայաստան

Երեւանի «Անի փլազա» պանդոկի «Նայիրի» սրահին մէջ, Նոյեմբեր 28-ին, տեղի ունեցաւ «Պետականութիւն եւ արժեհամակարգ. մարտահրաւէրներ եւ անելիքներ» խորագիրով խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ազգային պետականութեան, կրթական, մշակութային եւ լեզուական քաղաքականութիւններուն առնչուող հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Խորհրդաժողովի մասնակիցները փորձեցին ուղենշել մտաւորականութեան եւ պետական կառոյցներու ընելիքներն ու խնդիրները:

Նախաձեռնող խումբը նպատակ ունի նման խորհրդաժողովները դարձնել շարունակական՝ արծարծելու եւ արժեւորելու հանրութիւնը յուզող հոգեւոր-մշակութային խնդիրներ:

Իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ ասիկա համազգային եւ ապագային միտուած գործողութիւններու, մտահոգութիւններու ամբողջութիւն է՝ աւելցնելով, որ Գերագոյն մարմինը նման նպատակով դիմեց իր գործընկերներուն, ձեւակերպուեցաւ շատ յստակ խնդիր. ան շեշտեց՝ պէտք չէ այսպիսի հաւաք մը որեւէ ձեւով կուսակցականացուի։ Մինասեան յոյս յայտնեց, որ հաւաքը դառնայ հարթակ մը, ուր հետագային եւս բանաձեւումներու, քննարկումներու ձեւով ձեւակերպուին մեր մտաւորականութեան, ակադեմական շրջանակներու, հանրութեան, ազգային հաստատութիւններու, նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մօտեցումներն ու պահանջները ազգային դաստիարակութեան, ազգային ինքնութեան համապատասխան քաղաքականութիւններ մշակելու համար:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան յայտնեց, որ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին մեր հանրային կեանքին մէջ հայեցակարգային, ծրագրային, ռազմավարական փաստաթուղթերու բացակայութիւն կայ, իսկ մեր հանրային կեանքին կը նետուին գաղափարներ, որոնք խիստ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն հանրութեան բոլոր շերտերուն մօտ։ Ըստ անոր՝ այս համազգային եւ համապետական խնդիրներուն առնչութեամբ մտահոգութիւնը աւելի կը սրի, երբ ակնյայտ դառնայ, որ մէկ կողմէ չկան յստակ ճամբու քարտէսներ, թէ ո՛ւր կ՛երթայ  Հայաստանը, իսկ միւս կողմէ՝ քաղաքականութիւն իրականացնող անձեր կը մերժեն երկխօսութիւնը:

Լիլիթ Գալստեան նշեց, որ այսօր անխուսափելի անհրաժեշտութիւն կայ պատասխան ունենալու կարգ մը հիմնական հարցումներու՝ Հայաստանը ո՞ւր կ՛երթայ, ի՞նչ միջոցներով կ՛երթայ, ի՞նչ արժէքներու հիման վրայ: Ան հարց տուաւ, որ միջազգային եւ ազգային արժէքներու բախման մէջ արդեօք մենք ունի՞նք բաւարար դիմադրողականութիւն, բաւարար ներուժ՝ ճշդելու, յստակացնելու մեր ո՛ւր երթալու ճամբան, արդեօք կա՞յ հանրային եւ շատ աւելի կարեւոր՝ քաղաքական գիտակցումը, թէ մեր ինքնութեան կարեւորագոյն բաղադրիչները՝ մշակոյթը, կրթութիւնը եւ հոգեւոր արժէքները առկա՞յ են երկրի ապագայի տեսլականին մէջ։ Ան աւելցուց, որ հասարակութիւնը իր մտահոգութիւններուն եւ հոգերուն դիմաց մինակ չէ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ սրահին մէջ հաւաքուած են գիտութեան, արուեստի, մշակոյթի գագաթին գտնուող մարդիկ՝ հարց տալով, որ այդտեղ հասնելու ճամբուն, ոեւէ մէկը խանգարուա՞ծ է հայոց լեզուէն: «Սեփական օրինակով գոնէ նայեցէք, եւ յետոյ այդ նայածին ընդմէջէն նայեցէք այսօրուան վարուող քաղաքականութեան», շեշտեց ան։

Ա. Խաչատրեան իր խօսքը շարունակեց հարցնելով, որ արդեօք կա՞յ լաւ գիտնական մը, որ լեզու չի գիտեր: Ան հաստատեց, որ գոյութիւն ունին նման գիտնականներ, բայց եւ այդպէս շեշտելով, որ անոնք կամովին հրաժարած չեն լեզու սորվելէ, այլ դժբախտ հանգամանքներու պատճառով իրենց լեզուն չեն սորված: Ըստ բանախօսին՝ բոլոր գիտնականները, նաեւ՝ հայ գիտնականները, որոնք լեզու չեն գիտեր, կամաւորաբար չէ, որ չեն գիտեր, այլ դժբախտ հանգամանքներու պատճառով այդպէս եղած է։