Հայաստանի Հետ Սահմանները Բանալու Պայմանները Չեն Գոյացած. Չաւուշօղլու

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու խորհրդարանին մէջ իր նախարարութեան ամավարկի քննարկման նիստին գրաւոր կերպով պատասխանեց Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հարցումներուն:

«Ակօս»-ի տեղեկութիւններով՝ Փայլան նախարարին հարցուցած էր, թէ Թուրքիա ի՛նչ դիրք կը բռնէ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի՝ «Պատրաստ ենք առանց նախապայմանի բանակցութիւններ վարելու» յայտարարութեան նկատմամբ:

Նախարարը իբրեւ պատասխան նշեց, թէ Հայաստանի հետ սահմանները փակելու որոշումը Հայաստանի կողմէ, 1993-ին, «Ատրպէյճանի հողերը գրաւելուն» հետեւանքն է:  «Աւելի քան 26 տարիներէ կը շարունակուի Հայաստանի յարձակողական ռազմավարութիւնը: Հետեւաբար սոյն որոշումը վերացնելու համար ձեռնտու պայմաններ չեն գոյացած: Թուրքիա- Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման համար պայման է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին լուծման ուղղեալ յստակ քայլերու դիմելը: Իրականութեան մէջ վարչապետ Փաշինեան իշխանութեան գալէն ի վեր Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման համար յուսադրիչ ելոյթներ ունեցած է: Սակայն ժամանակի ընթացքին ինք եւս տարուելով երկրի բազէներուն եւ Սփիւռքի գործիչներուն, փոխած կ՛երեւի իր ռազմավարութիւնը: Այս մասին փաստի մը բնոյթը ունի 5 Օգոստոսին անոր արտասանած՝ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ» խօսքը: Բացի այդ, ՄԱԿ-ի 74-րդ համագումարին ըսած էր, թէ «Թուրքիա Հայաստանի համար լուրջ սպառնալիք մըն է»: Ի դէմ այս բոլորին, եթէ հայկական կողմը Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ համաշխարհային հասարակութեան ակնկալութիւններուն եւ միջազգային իրաւաբանութեան շրջագիծին մէջ յստակ եւ մտերիմ քայլերու դիմէ, Թուրքիա անպատասխան չի մնար»,- գրած է նախարարը: