Չաւուշօղլու Խօսած Է Հայաստանի Հետ Սահմանի Բացման Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու գրաւոր պատասխանած է Թուրքիոյ խորհրդարանի ծրագրաւորման եւ պիւտճէական յանձնախումբին մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պիւտճէի քննարկումներուն ժամանակ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն երեսփոխան Կարօ Փայլանի` «Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ պատրաստ է առանց նախապայմաններու բանակցութիւններու, այս նիւթով Հայաստանին պատասխանա՞ծ էք» հարցումին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը:

Ինչպէս կը սպասուէր, Չաւուշօղլու դարձեալ խօսած է նախապայմաններու լեզուով` նշելով, որ «սեղանէն հեռացող կողմը Թուրքիան չէ եղած», այլ Հայաստանը եղած է Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները առկախողը, եւ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման ցանկութիւնը չէ փոխուած:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ սահմանները 1993 թուականին փակուած են Հայաստանի «բռնագրաւման քաղաքականութեան» պատճառով, իսկ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար Հայաստանը պէտք է քայլեր կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման հարցին մէջ:

«Երբ Փաշինեան իշխանութեան եկաւ, 2018 թուականի մայիսէն Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ յուսադրող արտայայտութիւններ ունեցաւ: Միեւնոյն ժամանակ, այդ երկրին մէջ կարծր կեցուածքի կողմնակիցները եւ սփիւռքը աւելի կարծրացուցին իրենց խօսելաոճը: Փաշինեան 5 օգոստոսին Խանքենտիի մէջ (թուրքերը այսպէս կը կոչեն Ստեփանակերտը) խօսք արտասանելու ընթացքին ըսաւ` Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստան է, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ Հայաստան կը հեռանայ հարցի խաղաղ լուծման հոլովոյթէն: Բացի ատկէ, ՄԱԿ-ի 74-րդ Ընդհանուր ժողովի ընթացքին խօսք արտասանելու ժամանակ յայտարարեց, որ Թուրքիան Հայաստանի համար լրջագոյն սպառնալիք է», յայտարարած է Չաւուշօղլու:

Ան նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի հետ միացեալ պատմական յանձնախումբ ստեղծելու` թրքական անհիմն պնդումներուն: