Թուրքիա Կը Յայտարարէ, Որ Պիտի Շարունակէ Սուրիոյ Մէջ Իր Զինուորական Գործողութիւնը

Աշխարհ

Սուրիոյ մէջ «Խաղաղութեան աղբիւր» զինուորական գործողութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ իրագործուին ճշդուած նպատակները: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարած նիստէն ետք հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները կը գործադրեն քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Թուրքիա-Սուրիա սահմանէն հեռացնելու խոստումները:

«Յոյս կը յայտնենք, որ յուշագիրներ ստորագրած երկիրները կ՛աւարտեն ահաբեկիչներու այդ տարածքներէն, որոնց շարքին` Թել Ռիֆաաթէն եւ Մընպեժէն հեռացման հոլովոյթը», կը հաղորդէ թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն իր կարգին Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ «Քոլպեր» հիմնարկին կազմակերպած արտաքին քաղաքականութեան շուրջ համախմբումի ծիրին մէջ մամլոյ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Սուրիացիները չեն ուզեր վերադառնալ սուրիական վարչակազմի կամ ահաբեկչական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ»:

Ան նշեց, որ Թուրքիան կրնայ առանձինը պայքարիլ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ` նշելով, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներուն յայտնած է, թէ պէտք չկայ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դիմելու` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար:

«Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ՏԱՀԵՇ-ը Արեւմուտքի հետ բանակցութեան ընթացքին իբրեւ խաղաքարտ կ՛օգտագործեն, եւ Արեւմուտքին կ՛ըսեն, թէ գետնի վրայ առանց իրենց ներկայութեան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը չի կրնար յաջողութեամբ պսակուիլ», ըսաւ Քալըն: