Զապէլ Եսայեանի Մշակոյթի Տան Բացումը Դեկտեմբերին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Անի Զէյթունցեան
Ռատիօ Լուր

Արաս հրատարակչատունը հիմնուած է 1993-ին։ Հայերէն եւ թրքերէն գիրքեր հրատարակելով՝ հայ եւ թուրք իրականութեան համար գիրքերու միջոցով մերձեցման գաղափարն է, հայերը եւ թուրքերը իրար մօտեցնելու, ծանօթացնելու միտումով   ձգտած են «Արաս»-ի երբեմնի հիմնադիրները՝  Հրանդ Տինքը, Մկրտիչ եւ Արտաշէս Մարկոսեանները, ինչպէս նաեւ Եդուարդ  եւ Արմէն Թովմանեանները, որոնք 26 տարի առաջ հիմնած են այս հրատարակչատունը եւ մօտաւորապէս՝ հրատարակած 250 տարբեր գիրքեր։

Զրուցակիցս ՝ Ռոպէր Քոբթաշն է, որ «Ակօս»-ի նախկին խմբագրապետը եղած է,  հիմա կը վարէ «Արաս»-ի տնօրէնութեան պաշտօնը։

«Համայնքէն ներս եւ համայնքէն դուրս հայութիւնը ցոյց կու տանք թուրքերուն , անոնք կը դիմեն «Ակօս»-ին կամ «Արաս»-ին գտնելու իրենց պիտանի գիտելիքները հայ մշակոյթի մասին»,- կ՛ըսէ զրուցակիցս։

Հետեւաբար «Արաս» դարձած է յարգանքի արժանի կեդրոն մը։

Առաջին անգամ ըլլալով նոր գրասենեակին մէջ պիտի բացուի հայ մշակոյթի նուիրուած կեդրոնը , որ պիտի կրէ  Զապէլ Եսայեանի անունը կամ՝ թրքերէնով «Եսայեան սալոն»։  Բացումը պիտի կայանայ Դեկտեմբերի առաջին շաբաթը։

«Արաս»-ի կապը Հայաստանի հետ միշտ շատ լաւ  եղած է․ սակայն կապերը աւելի սերտացնելու ալ միտում կայ»,- յայտնեց Ռոպէր։

Հայաստանի մէջ այսօր արեւմտահայեր ալ կ՛ապրին Սուրիայէն, Լիբանանէն եկածներ։ Անոնք աւելի կարեւոր կը համարեն արեւմտահայերէն հրատարակութիւնները  Հայաստանի գրադարաններուն մէջ։

«Արաս» հրատարակչատան կ՛աջակցի «Կիւպէնկեան» հիմնադրամը նոյնպէս, իսկ բացը կը լրացնէ Թովմասեան ընտանիքը։

«Արաս»-ի տնօրէնը Հանրային Ռատիօ-ին յայտնեց նորութիւն մը եւս․ «Մանկական արեւմտահայերէն գիրքեր բաւարար չըլլալուն համար՝ հայ իրականութեան մէջ վաճառանիշ մը ստեղծեցինք՝  HIPPO անունով․ տարեկան 10-12 գիրք հրատարակելու ծրագիր ունինք, այսպիսով, յետագային կ՛ունենանք մեծաթիւ մանկական գիրքեր՝ արեւմատահայերէնով»,- ըսաւ «Արաս» հարատարակչատան երիտասարդ տնօրէնը։