Սեբաստիոյ Հայկական Եկեղեցին Վերանորոգումէն Ետք Պիտի Վերածուի Թանգարանի

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ Սիւաս նահանգի Կիւրուն բնակավայրին մէջ (պատմ.` Սեբաստիա, Կիւրինի գաւառակ) գտնուող հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգումը ընթացքի մէջ է:

Թուրքիոյ մշակութային ժառանգութեան ու թանգարաններու տնօրինութեան կողմէ վերանորոգուելէ ետք անիկա պիտի յանձնուի Կիւրունի համայնքապետարանին եւ պիտի դառնայ քաղաքային թանգարան, կը փոխանցէ ermenihaber-ը:

Քաղաքապետ Նամի Չիֆթչին տեղեկացուցած է, որ վերանորոգման աշխատանքներուն մեծ մասը արդէն կատարուած է, եւ աշխատանքներու աւարտէն ետք կը նախատեսուի այնտեղ իրականացնել քաղաքի գլխաւոր մշակութային ձեռնարկները:

Վերանորոգման համար պետութիւնը յատկացուցած է 3 միլիոն 984.000 թրքական լիրա (մօտ 700.000 տոլար):

Նշենք, որ Կիւրին բնակավայրը 20-րդ դարու սկիզբը ունեցած է ընդհանուր առմամբ 3000 տուն բնակիչ, որմէ 1550-ը` հայեր: Հայերը այստեղ զբաղած են առեւտուրով, երկրագործութեամբ եւ արհեստներով: Բնակավայրին մէջ կար մէկ քարաշէն հայկական եկեղեցի եւ մէկ դպրոց: 1915-ին Կիւրինի հայ բնակչութիւնը ենթարկուած է Ցեղասպանութեան` տարագրուած եւ բնաջնջուած: