Կեանքէն Հեռացած է Ականաւոր Հետախոյզ Գոհար Վարդանեանը

Հայաստան

Կեանքէն հեռացած է ականաւոր հետախոյզ Գոհար Վարդանեանը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ, այս մասին կը տեղեկացնէ Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատունը:

«Խորը ցաւով կը տեղեկացնենք, որ Նոյեմբեր 25-ին կեանքէն հեռացած է յայտնի անհատականութիւն, ճանչցուած հետախոյզ Գոհար Լեւոնի Վարդանեանը: Անոր մահը անդառնալի կորուստ է բոլորիս համար»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ականաւոր խորհրդային ընդյատակեայ հետախոյզ, Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան վեթերան Գոհար Վարդանեան ծնած է 1926-ին: 1930-ական թուականներու սկիզբը անոր ընտանիքը տեղափոխուած է Իրան: 16 տարեկանին ան մտած է` իր զինակից Գէորգ Վարդանեանի, որ հետագային ամուսինը կը դառնայ, հակաֆաշիստական խումբի մէջ, որուն հետ հետախուզական աշխատանքներ կատարած է:  1943-ին այդ խումբի կազմին հետ մասնակցած է Թեհրանի համաժողովի ընթացքին «Մեծ եռեակ»-ի ղեկավարներու անվտանգութեան ապահովման գործողութեան: Այդ ժամանակ կանխուած է «Մեծ եռեակ»-ի ղեկավարներուն` Սթալինի, Ռուզվելթի եւ Չերչիլի դէմ հիթլերեան յատուկ ծառայութիւններու մահափորձը:

1951-ին Վարդանեան ամուսինները վերադարձած են Խորհրդային Հայաստան, 1956-ին աւարտած են Երեւանի օտար լեզուներու հիմնարկը: Այնուհետեւ Գոհար եւ Գէորգ Վարդանեանները «Անիթա» եւ «Անրի» կեղծանուններով ընդյատակեայ վիճակի մէջ յաջողութեամբ աշխատած են աշխարհի շատ երկիրներու մէջ: 1986-ին հետախոյզները վերադարձած են հայրենիք: Մասնագէտներու կարծիքով` անոնց աշխատանքին արդիւնքները այնքան նշանակալից են, որ երբեք չեն գաղտնազերծուիր:  Գոհար Վարդանեանի վաստակը նշուած Է Կարմիր դրօշի, 2-րդ աստիճանի Հայրենական պատերազմի շքանշաններով եւ բազմաթիւ մետալներով: