Թուրքիոյ Մէջ Վաճառքի Հանուած է Հայ Ճարտարապետին Կառուցած Օսմանեան Բաղնիքը

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ մէջ 2.5 միլիոն տոլարով կը վաճառուի օսմանեան ժամանակաշրջանի հայ նշանաւոր ճարտարապետ Միմար Սինանի նախագծած Պոլսոյ Պալաթ թաղամասի Այաքափը բաղնիքը (համամ):

Թուրքիոյ քաղաքացիները դէմ եմ 437 տարուան արժէքաւոր հնութիւն ունեցող այդ բաղնիքի վաճառքին եւ ընդգծած են, որ անիկա պէտք է վերականգնել, այլ ոչ թէ վաճառել եւ «պէտք չէ վաճառուի իրենց պատմութիւնը», կը փոխանցէ ermenihaber-ը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ` հնամենի բաղնիքին մէջ աւերուած է եւ կ՛օգտագործուի որպէս ինքնաշարժներ նորոգելու կեդրոն:

Կը նշուի, որ 1582-ին Օսմանեան սուլթան Մուրատ 3-րդի մայրը ճարտարապետ Սինանին պատուիրած է կառուցել այս բաղնիքը:

1947-ին Այաքափը բաղնիքը  սկսած է օգտագործուելու որպէս փայտանիւթի պահեստ: Այժմ բաղնիքի որոշ մասեր աղբակոյտերով լեցուած են:

Թէեւ պատմական բաղնիքին տանիքն ու պատերուն մէկ մասը քանդուած են, այսուհանդերձ, անիկա կը շարունակէ պահպանել երբեմնի իր շքեղ տեսքը:

Յիշեցնենք, որ ծագումով հայ միմար Սինանը եղած է Օսմանեան արքունիքի գլխաւոր ճարտարապետը 16-րդ դարուն: Սինան թողած է հսկայական ժառանգութիւն, որ մեծ նշանակութիւն ունի ոչ միայն իսլամական, այլեւ համաշխարհային մշակոյթին համար: Անոր ճարտարապետական գործունէութիւնը տեւած է 50 տարի` 1538-էն 1588 Միմար Սինանի անունով սկսած է օսմանեան վերածուծնդի պատմութիւնը կամ «իսլամական ճարտարապետութեան դասական ժամանակաշրջան»ը։