Եւրոպական Երկիրները Բաւարար Տեղեկացուած Չեն Ատրպէյճանի Մէջ Հայատեացութեան Երեւոյթի Մասին. Փաշինեան

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանի մէջ մեծապէս տարածուած է հայատեացութեան երեւոյթը, իսկ եւրոպական երկիրները բաւարար չափով տեղեկութիւն չունին այդ մասին։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Corriere della Sera թերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին:

«Օրինակ, Եւրոպայի Լիկայի եզրափակիչին, որ տեղի ունեցաւ անցեալ տարի գարնան Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ, այն ժամանակ «Արսենալ»ի, իսկ ներկայիս «Ռոմա» ակումբի խաղացող Հենրիխ Մխիթարեանը չկրցաւ մասնակցիլ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ անոր հայկական ազգանունը մեծ խնդիր է Ատրպէյճանի մէջ: Անոր ազգանունով վերնաշապիկներ հագած եւրոպացի երկրպագուները կանգնեցուած են ոստիկանութեան կողմէ: Մէկ շաբաթ առաջ Ատրպէյճանի քաղաքացի վարորդ մը ձերբակալուած է միայն այն բանի համար, որ կը լսէր հայ երաժիշտի ստեղծագործութիւն հանդիսացող երգ մը: Իսկ անցեալ տարի մենք ունեցած ենք դէպքեր, երբ Ամերիկայի, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ քաղաքացներ հանդիսացող անձերու արտօնութիւն չէր տրուած մուտք գործել Ատրպէյճան, քանի որ անոնց ազգանունները նման էին հայկական ազգանուններու: Ինչպէ՞ս կ՝առնչուի այս իրավիճակը Ատրպէյճանի կառավարութեան պաշտօնական քաղաքականութեան հետ»,- նշեց Նիկոլ Փաշինեան:

Corriere della Sera-ի թղթակիցը յայտնեց, որ Ատրպէյճան հայերը կը մեղադրէ Լեռնային Ղարաբաղի համար ռազմական յարձակման մէջ՝ պնդելով, որ Հայաստանի վարչապետը յատկապէս կոշտ է: Այս դիտարկման Փաշինեան արձագանգած է վերյիշելով հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութիւնը:

«Հայկական զինուած ուժերու սպայ Գուրգէն Մարգարեան քնացած ժամանակ կացինի հարուածներով սպաննուած է ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէն: Երկուքն ալ կը գտնուէին Պուտափեշտ, ՆԱԹՕ-ի սեմինարին մասնակցելու նպատակով: Այդ դէպքը տեղի ունեցած է 2004-ին: Հունգարիոյ մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուելէ քանի մը տարի անց՝ ատրպէյճանցի սպան արտայանձնուեցաւ իր երկիր: Հայրենիքի մէջ ան ընդունուեցաւ իբրեւ ազգային հերոս, անոր ներում շնորհուեցաւ նախագահ Իլհամ Ալիեւին կողմէ, ան ստացաւ պաշտօնի բարձրացում եւ ապահովուեցաւ Պաքուի մէջ բնակարանով»,- աւելցուց Նիկոլ Փաշինեան:

Այն դիտարկման, թէ պատմութեան եւ անոր նոյնիսկ սարսափելի հետեւանքներուն գիծով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արժեւորումները տարբեր են՝ վարչապետը նշեց, որ առկայ է հակամարտութիւն եւ անիկա պէտք է լուծուի:

«Երբ ես դարձայ վարչապետ, բանաձեւ մը առաջարկեցի: Ես ըսի, որ հակամարտութեան ցանկացած լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդին համար, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդին համար: Ես միակ հայ ղեկավարն եմ, որ նման բան յայտարարած է: Իմ երկրին մէջ ես ծանր քննադատութիւններու արժանացայ: Շատերը ըսին՝ ինչո՞ւ պէտք է Հայաստանի ղեկավարը մտածէ Ատրպէյճանի ժողովուրդին մասին: Որեւէ լուծում կրնայ կայուն ըլլալ, եթէ հաշուի առնուած են հակամարտութեան երեք կողմերը: Ես յոյս ունէի, որ նախագահ Ալիեւը հանդէս կու գայ իմ յայտարարութեան նման յայտարարութեամբ: Մէկ տարիէն աւելի է՝ կը սպասեմ, բայց դեռ լուր չունիմ այդ մասին: Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, մենք իրական առաջընթաց կ՛ունենանք բանակցութիւններուն մէջ: Յոյսով եմ, որ եւրոպացի գործընկերներն ու Մինսկի խումբի համանախագահները պիտի խրախուսեն Ալիեւը՝ ընդունելու այս բանաձեւը. Լեռնային Ղարաբաղի հարցի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար: Ես պիտի հասկնայի, եթէ Ատրպէյճանի նախագահը նախ եւ առաջ նշէր Ատրպէյճանի ժողովուրդը: Ընդունելի պիտի ըլլար»,- աւելցուց ան։