Մերձաւոր Արեւելքի Զարգացումներուն Վերաբերող Գիտաժողով

Հայաստան

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ Նոյեմբեր 18-ին տեղի ունեցաւ «Հայաստանը եւ վերափոխուող Մերձաւոր Արեւելքը» թեմայով գիտաժողով՝ նուիրուած ժամանակակից Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու քննարկման:

Գիտաժողովին ներկայ էին ԳԱԱ արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան դեսպան Պահաա Տեսուքին եւ այլ անձիք:

Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան ընդգծեց, որ հայ եւ եգիպտացի գիտնականներուն միջեւ առկայ են շատ խոր կապեր, եւ համագործակցութիւնը հասած է բարձր մակարդակի:

«Պատահական չէ, որ մեր բարեկամական երկրի ներկայացուցիչները այս դահլիճին մէջ են եւ միասին կը փորձեն վերլուծել, հասկնալ այն բարդ գործընթացները, որոնք տեղի կ՛ունենան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Սա կը նշանակէ, որ մենք ունինք գիտական եւ բարեկամական շատ խոր կապեր եգիպտացի գիտնականներու հետ»,- նշեց Սաֆրաստեան:

ԳԱԱ-ի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանին կարծիքով՝ Հայաստանի համար չափազանց կարեւոր է հաշուի առնել այն զարգացումները, որոնք տեղի կ՛ունենան Մերձաւոր Արեւելքին մէջ:

«Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ ունինք մեծ թիւով հայկական համայնքներ, որոնք ձեւաւորուած են Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, ինչպէս նաեւ՝ մշակութային վիթխարի ժառանգութիւն: Այս բոլոր գործօններով պայմանաւորուած՝ Մերձաւոր Արեւելքի որեւէ փոփոխութիւն խիստ հետաքրքրական է մեզի համար: Կը կարծեմ, այս առումով ուշագրաւ է Արեւելագիտութեան հիմնարկի նախաձեռնութիւնը՝ պարբերաբար կազմակերպել այս կարգի միջոցառումներ, որոնք շատ օգտակար են երկրին մէջ Մերձաւոր Արեւելքի գործընթացները աւելի լաւ ընկալելու, ինչպէս նաեւ մեր արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգը ճշգրտելու համար», նշեց Սուվարեան: