Ազգային Ժողովը 2-րդ Ընթերցմամբ Ընդունեց Նուազագոյն Աշխատավարձը 68 Հազար Դրամ Դարձնելու Օրինագիծը

Հայաստան

ՀՀ ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներու կողմէ ներկայացուած օրէնքի նախագիծը, որով կ՛առաջարկուի ամսական նուազագոյն աշխատավարձը 55 հազար դրամէն դարձնել 68 հազար դրամ:

«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` խորհրդարանի Նոյեմբեր 19-ի նիստին պատգամաւորներ Վարազդատ Կարապետեանի, Բաբկէն Թունեանի եւ Նարեկ Զէյնալեանի առաջարկած «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» եւ «Պետական պաշտօններ եւ պետական ծառայութեան պաշտօններ զբաղեցնող անձերու վարձատրութեան մասին» ՀՀ օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը երկրորդ ընթերցմամբ ընդունուեցաւ միաձայն` 100 կողմ ձայներով:

Պատգամաւորները սկզբնապէս առաջարկած էին ամսական նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացնել մինչեւ 63 հազար դրամ: Սակայն հարցը կառավարութեան մէջ քննարկելէ ետք գործադիրը առաջարկած էր նուազագոյն աշխատավարձը դարձնել 68 հազար դրամ: ԱԺ տնտեսական հարցերու յանձնաժողովը առաջարկը քննարկելէ ետք կողմ քուէարկած էր նուազագոյն աշխատավարձը 68 հազար դարձնելու տարբերակին:

Ամսական նուազագոյն աշխատավարձը 68 հազար դրամ դարձնելու պարագային պիտի բարձրանան մօտ 57 հազար պետական ծառայողներու եւ մասնաւոր հատուածի մօտ 130 հազար աշխատողներու աշխատավարձերը: Կարապետեան վստահեցուցած էր` ծախսերու ու հարկերու ազդեցութեան հանրագումարի արդիւնքով պետական ամավարկին վրայ մաքուր ազդեցութիւնը 2 միլիառ դրամը պիտի չանցնի:

Հոկտեմբեր 3-ին Ազգային ժողովի նիստին նշեալ առաջարկուած  օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը առաջին ընթերցմամբ ընդունուած էր 102 կողմ եւ 1 դէմ ձայներով: