Մայքլ Բաբայեանի «Յուշամատեան Անկախութեան» Գործը Հպարտութիւն Վերականգնող Իրագործում Է

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նազարէթ Պէրպէրեան

Հայ ժողովուրդի պատմաքաղաքական երթին եւ ինքնաճանաչման նուիրուած հանրագիտական գրականութիւնը կոթողական նոր նուաճումով մը հարստացաւ՝ Մայքլ Բաբայեանի «Յուշամատեան Անկախութեան-Հայաստանի Հանրապետութեան 1918-1921թթ. Պետական Գործիչները» հատորին հրատարակութեամբ, որուն խմբագիրն է Վլադիմիր Յարութիւնեան:

Վերջապէս մեծ բաց մը գոցուեցաւ եւ համապարփակ արխիւային ու պատմաքննական լոյսի տակ բերուեցաւ հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն վճռորոշ, այլեւ միաժամանակ ամէնէն քիչ ուսումնասիրուած, մինչեւ իսկ անտեսուած փուլին համապատկերը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման, պետականակերտումին եւ խորհրդային բիրտ ուժի տակ ազատազրկման ու գաղութայնացման ժամանակաշրջանի մեծաւանդ գործիչներուն եւ անոնց իրագործումներուն ամբողջ հումքն ու ատաղձը գեղատիպ ու ճաշակաւոր՝ խոշոր չափի 460 էջ ծաւալով հատորի մը մէջ խտացնելով:

Առաջին հերթին ողջունելի է Մայքլ Բաբայեանի աշխատութեան հանրագիտական ընդգրկումը, որ կու գայ շեշտելու ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան 1918-1921թթ. պետական գործիչները անուն առ անուն եւ վաստակ առ վաստակ հայոց սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ ամրագրելու անհրաժեշտութիւնը, այլեւ հայ պատմաքաղաքական միտքի օրակարգին առաջնային հարցերէն մէկը դարձնելու համազգային մեր ժառանգութեան այդ դարակազմիկ ժամանակաշրջանը ամբողջական ու սպառիչ հետազօտման, յայտնաբերման ու ըստ արժանւոյն լիարժէք գնահատման արժանացնելու անյետաձգելի հրամայականը:

Ի վերջոյ Մայքլ Բաբայեանի իրագործած աշխատասիրութիւնը կը նմանի ախորժակ բացող հոգեմտաւոր սնունդի. որքան ճաշակես, այնքա՛ն կը շեշտուի աւելին համտեսելու պահանջը:

Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման, զարգացման եւ խորհրդայնացման՝ անկման այդ երեք տարիներու պատմութեան վերաբերեալ պոլշեւիկեան, ապա եւ խորհրդային պատմագրական նենգափոխութեան գործած աւերը այնքա՜ն համատարած ու խորքային է, որ հայ ազգային յիշողութիւնը ապա-պոլշեւիկացնելու եւ վերականգնելու համար պէտք ունինք Մայքլ Բաբայեանի օրինակով երիտասարդ պատմագէտներու ողջ սերունդի զօրաշարժին եւ համադիր աշխատասիրութեան:

«Անկախութեան Յուշամատեան»ը փաստօրէն իր տեսակին մէջ հանրագիտական-պատմագրական երախայրիքն է վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան օրօք ծնած ու կազմաւորուած երիտասարդ սերունդին, որուն ինքնատիպ ներկայացուցիչներէն մէկը ըլլալով՝ Մայքլ Բաբայեան կամաւորաբար ստանձնած է յանձնառութիւնը պոլշեւիկեան՝ խորհրդային դարաշրջանի կեղտաջուրերէն մեր ազգային յիշողութիւնը մաքրազտելու տիտանական գործին:

Կարեւորութեամբ ընդգծելի է, որ հատորի յառաջաբանին եւ ներածութեան մէջ շեշտելով հանդերձ, որ ինք ամբողջապէս եւ անտեղիտալիօրէն լծուած է սեփական ժողովուրդին ազգային անաղարտ յիշողութիւնը վերականգնելու գաղափարական պայքարին՝ Մայքլ Բաբայեան հետեւողականօրէն նախանձախնդիր է, որ իր աշխատութիւնը անդին չանցնի առարկայական ու ճշգրիտ տեղեկութեանց վաւերական եւ արժանահաւատ աղբիւրը ըլլալու սահմաններէն:

«Անկախութեան Յուշամատեան»ի գիտական արժանիքներու շարքին յատուկ մատնանշումի արժանի է հեղինակին կիրարկած կենսագրական տուեալներու եւ պատմական իրողութեանց բազմակողմանի հարստացման ու ստուգման եղանակը: Արխիւային փաստաթուղթերու եւ ներկայացուած գործիչներու անձնական արխիւներուն կողքին, Մ. Բաբայեան փնտռած, գտած եւ ի մի բերած է Հայաստանի անկախութիւնն ու ազատ Հանրապետութիւնը նուաճած գործիչներու ժառանգորդներուն՝ շառաւիղներուն մօտ գտնուող կամ անոնց յիշողութեան մէջ պահպանուած տեղեկութիւններն ու վկայութիւնները, որոնք նախ կը հարստացնեն աշխատասիրութիւնը, ապա՝ առանձին դէմքերու եւ դէպքերու վերաբերեալ խորացման գացող հետազօտութեանց եւ նոր բացայայտումներու լայն դուռ կը բանան:

Բնական է, որ ընթերցողը հատորը կը փակէ հեղինակին ուղղուած այն ակնկալութեամբ, որ Մ. Բաբայեան կանգ չառնէ այսքանով: Այսինքն՝ հեղինակը յայտնօրէն կը տիրապետէ հսկայական պաշարի եւ ի վիճակի է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր սերունդին նուաճումները, հաւաքական թէ անհատական իրագործումներու առումներով, պատմաքաղաքական լրացուցիչ քննարկման ու խորացման լուսարձակին տակ առնելու:

Հատորի շարունակութեան, ամբողջացման կամ ալ արդէն պատմաքննական ընդգրկումով Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր կերտիչներու գործին, վարքագիծին եւ գաղափարական կտակին մասին համապարփակ լուսաբանութեան կարիքն ու ծարաւը ունի ողջ հայութիւնը: Ոչ միայն պոլշեւիկեան մուրճ-մանգաղին տակ իր յիշողութենէն օտարացուած հայրենի հայութիւնը, այլեւ տարագրութեան մէջ լաւագոյն պարագային դաշնակցական վարիչներու դասախօսութիւններով Հայաստանի անկախութեան սերունդին մասին ընդհանուր եւ աղօտ գաղափար մը կազմած սփիւռքահայը:

Բայց այդ ամէնը արդէն «Անկախութեան Յուշամատեան»ին համը ճաշակած մարդու փափաքն ու սպասումն է Մայքլ Բաբայեանէն, որ վստահաբար իր կողքին պիտի գտնէ գործընկերներ, որպէսզի միացեալ ու լրացուցիչ ջանքերով տէր կանգնին մեր ժողովուրդէն խլուած ազգային-քաղաքական յիշողութիւնը վերադարձնելու ու վերականգնելու արժանապատիւ առաքելութեան:

«Յուշապատում Անկախութեան» գիրքը ինքնին կը վկայէ, որ գաղափարական պաշտամունքի հասնող երկիւղածութեամբ հեղինակը հակած է ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր գործիչի կենդանագիրը կազմելու աշխատանքին վրայ: Միեւնոյն երկիւղածութեամբ կը վարակուի հատորին ընթերցողը, երբ կը թերթատէ գեղատիպ հրատարակութիւնը ու միատեղ տպուած հայերէն եւ անգլերէն գրութիւններով կը ծանօթանայ մեր պետականութեան հիմնադիր կերտիչներուն:

Անշուշտ, ընթերցողին համար անհանգստացնող հանգամանք է այն իրողութիւնը, որ հատորը կիրարկած է պոլշեւիկեան, այլ ոչ թէ մեսրոպեան ուղղագրութիւնը, ինչը խոտոր կը համեմատի ապա-պոլշեւիկացման եւ ազգային յիշողութեան վերականգնման ուղղութեամբ հեղինակի հիմնական ու ընդհանուր առաջադրանքին հետ: Կարելի է յուսալ, որ հատորի յաջորդ տպագրութեան պարագային սրբագրուի ատիկա:

Իր ամբողջութեան մէջ Մայքլ Բաբայեանի «Յուշամատեան Անկախութեան» գործը կը հանդիսանայ հպարտութիւն ջրդեղող անկիւնաքար մը՝ մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն լուսաւոր ժամանակաշրջանը խորհրդային լուծին պարտադրած խաւարէն ձերբազատելու եւ լոյսով ողողուած իր փառաւոր պատուանդանին արժանացնելու համազգային մեր զարթօնքին շարունակուող երթին մէջ:

Վարձքդ կատա՛ր, Մայքլ: