Խօսք Սիրոյ Եւ Հրաժեշտի

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Անցեալ մայիսին Կոմիտաս վարդապետի ու Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն նուիրուած համերգաշարով եւ, այնուհետեւ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցած հրաժարականով եզրափակած եղայ ստեղծագործական կեանքիս փուլերէն մէկը, որ իր ԿԱՐԿԱՉ մանկական եւ պատանեկան, ինչպէս նաեւ ԱՅԳ երիտասարդական երգչախումբերով ու զոյգ նուագախումբերով սիրելի ու յիշարժան պիտի մնայ ինծի համար:

Ներկայ գրութիւնը նպատակ չունի պատճառներ թուարկելու ու քննարկում կատարելու: Պարզապէս, երկարատեւ առաքելութեանս աւարտին, սիրոյ ու հրաժեշտի խօսք մըն է ձեր կարդացածը, որուն ընթացքին` վերաքաղով մը, հնարաւորինս խիտ տողերու մէջ հարկ կը համարեմ լիբանանահայ երաժշտական կեանքի պատմութեան համար ներկայացնել ԿԱՐԿԱՉ-ի 22-ամեայ եւ ԱՅԳ-ի 10-ամեայ ուղիներուն գլխաւոր ձեռքբերումները:

22 տարիներ առաջ հայրենիքի մէջ Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ ուսմանս աւարտին, առանց աջ ու ահեակ նայելու, իմ երաժշտական ծննդավայր Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճի յարկին տակ նետուեցայ պատանեկան երգչախմբային հարուստ անցեալ, սակայն, յետպատերազմեան Լիբանանի մէջ ոչ մէկ պատանեկան երգչախումբ ունեցող մեր գաղութին մէջ նորը ստեղծելու գործին: Անիկա պիտի գար շարունակելու այն աւանդոյթները, որոնք ժամանակին դրուած էին` Վաչէ Պարսումեանի, Ալեքսան Մնակեանի, Վարդան Աշգարեանի, Սարգիս Փանոսեանի եւ այլ նուիրեալներու կողմէ: Իսկ այժմ, երբ աւելի քան երկու տասնամեակներու հեռաւորութենէ կը նայիմ ԿԱՐԿԱՉ-ի տարեգրութեան, ուրախութեամբ կը հաշուեմ, որ ԿԱՐԿԱՉ-ի տարազով առնուազն մէկ անգամ բեմ բարձրացած եղան 914 նախկին մանուկներ ու պատանիներ: Անոնք երաժշտական ու ընկերական անմոռանալի փուլ մը ապրեցան այդ յարկին տակ, պարուրուած` սիրով ու հոգածութեամբ, բեմական վայելքով ու նաեւ այդ ճամբով` երաժշտական ու մարդկային դաստիարակութեամբ:  57 համազգայնականներ` իրերայաջորդ վարչութիւններու մէջ, հերթաբար կամաւոր ծառայեցին ԿԱՐԿԱՉ-ին` իրենց կազմակերպչական աշխատանքներով: ԿԱՐԿԱՉ-ին եւ իր երէց քրոջ` արդէն 27-ամեայ Շուշիի ՎԱՐԱՆԴԱ երգչախումբին համար հայրենի ականաւոր բանաստեղծներ ու երգահաններ հեղինակեցին 116 նոր խմբերգներ` այդպիսով մնայուն արժէքներով հարստացնելով հայ մանկապատանեկան խմբերգային արուեստը: Այդ ստեղծագործութիւններէն շատեր առ այսօր կը զարդարեն ո՛չ միայն իմ, այլ նաեւ հայրենի թէ սփիւռքի զանազան երգչախումբերու երգացանկերը: Այդ ստեղծագործողներէն տասնեակ մը այցելեցին Լիբանան ու ստեղծեցին անմիջական, փոխադարձ կապ ու ստեղծագործական մթնոլորտ: Տարեկան, ինչպէս նաեւ Ամանորի ու Սուրբ Ծննդեան համերգներու, այլ ընթացիկ ձեռնարկներու մասնակցութեան համար կարկաչականները պատրաստեցին 34 համերգային զիրար չկրկնող նոր յայտագիրներ, որոնց ընթացքին անոնք սորվեցան ու կատարեցին 661 երգեր: Անխտիր բոլոր համերգներն ալ անոնք, հանրային ելոյթներէն առաջ, մատուցեցին դպրոցական իրենց տարեկիցներուն` վերջիններուս մէջ տարածելով   երգչախմբային արուեստի ճաշակն ու հայ մանկապատանեկան կիրթ  երգեցողութեան արուեստը:  Այդ աշակերտական համերգներու աւարտին միշտ տեղի ունեցաւ նաեւ հայ երգի հաւաքական ուսուցում: ԿԱՐԿԱՉ-ի յարկին տակ իրենց երաժշտական եւ խմբավարական անդրանիկ փորձառութիւնը ձեռք ձգեցին երբեմնի ուսանող ու այժմ արդէն միջազգային մրցանակակիր երաժիշտներ: Կարկաչականները ելոյթ ունեցան Կիպրոսի, իսկ ՎԱՐԱՆԴԱ երգչախումբին հետ համատեղ նաեւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ: Աւելի քան քսանամեակ մը ԿԱՐԿԱՉ-ը համայն Լիբանանի մէջ, գրեթէ միակ բազմաձայն երգչախումբը ըլլալու իրողութեան համար, իր ստեղծման օրէն մնայուն կերպով հրաւիրուեցաւ ՊԷՅՐՈՒԹ ՉԱՆԹՍ, ինչպէս նաեւ  ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԳՉԱԽՄԲԱՅԻՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ-երուն մասնակցելու: Կարկաչականները առանձինն համերգներ նուիրեցին սփիւռքահայ երաժշտահաններ Բարսեղ Կանաչեանի, Ալեքսան Մնակեանի, Աւետիս Նազարեանի ամբողջական երգերու կատարման, ինչպէս նաեւ` լիբանանցի երգահան Զաքի Նասիֆի մահուան տասնամեակին, մինչ սփիւռքահայ մանկապատանեկան երգչախումբերու համար բազում երգերու հեղինակներ` Համբարձում Պէրպէրեանի, Սիրվարդ Գարամանուկի ու Զարեհ արք. Ազնաւուրեանի նուիրուած յատուկ համերգներուն նախատեսութիւնը, աւա՜ղ , չիրականացաւ: Կարկաչականները համատեղ տօնական ներկայացում-համերգներ իրագործեցին ԳԱՅԵԱՆԷ պարախումբին ու ԱՐԵԳ թատերախումբին հետ: ԿԱՐԿԱՉ-ի համերգային ութ նկարահանումներ տարբեր տարիներու սփռուեցան լիբանանեան հեռատեսիլի զանազան կայաններէ:

ԿԱՐԿԱՉ-ի գլխաւոր նուաճումներէն մէկը կը նկատեմ նաեւ երիտասարդական-ուսանողական իր իւրայատուկ կազմով  ԱՅԳ երգչախումբին ծնունդը, որ տեղի ունեցաւ Համազգայինի 80-ամեակին առիթով: ԱՅԳ-ը այսօր 10 տարեկան է: Նախկին կարկաչականներու հիմքի վրայ կազմուած երիտասարդական այս երգչախումբը իրեն ընկերակից ունեցաւ զոյգ նուագախումբեր` էսդրատային եւ հայկական աւանդական: Վերջինիս շնորհիւ, հայկական ժողովրդական նուագարանները, նուագախումբի տեսքով, աւելի քան յիսնամեակէ մը ի վեր երեւի առաջին անգամ ներկայացան Լիբանանի հանրութեան: Նոյնպէս, Պաալպեքի յայտնի փառատօնին հայկական մասնակցութենէն աւելի քան յիսնամեակ մը ետք, ԱՅԳ-ն ու իր քոյր ՔՆԱՐ պարախումբը, դարձեալ առաջին անգամն ըլլալով, յատուկ համերգաշարով մը Լիբանանի մէջ վերակենդանացուցին հայ երգի ու պարի անսամպլի գաղափարը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ԱՅԳ-ը կատարեց Խաչատուր Աւետիսեանի կոթողային Օրաթորիան: ԱՅԳ-ը եւս երկու անգամ ելոյթ ունեցաւ Կիպրոսի մէջ, ինչպէս նաեւ` Շուշիի ՎԱՐԱՆԴԱ երգչախումբի երիտասարդական կազմին հետ, հայրենիքի մէջ:  ԱՅԳ երգչախումբի բովէն անցան 121 երիտասարդներ` պատրաստելով եւ կատարելով երգչախմբային բարդ հիւսուածքներով  յատկանշուող դասական, ժողովրդային, հոգեւոր ու ժամանակակից աւելի քան 150 բազմալեզու խմբերգներ: Վերջապէս, ԱՅԳ-ը յաճախ գլխաւոր մասնակիցը եղաւ գաղութային զանազան այլ ձեռնարկներու:

Արդ, այս երկար փուլէն ետք, տակաւին լի եմ հայ վաւերական երաժշտութեան կատարողական, երաժշտագիտական ու կազմակերպական հեռանկարներով նոր ստեղծարար ոլորտներու առջեւ բացուելու: Միաժամանակ կ’ապրիմ լիբանանահայ գաղութին մէջ  անձնուէր ու հետեւողական աշխատանք մը արհեստավարժ բծախնդրութեամբ տարած ըլլալու գոհունակութիւնը:

Տեղին է գնահատանքի ու սիրոյ երկու անուշ խօսք ըսել բոլոր անոնց, որոնք անցնող տարիներուն մեծ սիրով ու նուիրումով ուղեկից եղան ԿԱՐԿԱՉ-ի ու ԱՅԳ-ի անցած ճանապարհին:

Շնորհակալութիւն` վարչական կառոյցներուն մէջ գործող համազգայնականներուն, որոնց լայն մեծամասնութեան հետ աշխատանքը իրագործուեցաւ ջերմ, սիրալիր, ստեղծարար ու համախոհ մթնոլորտի մէջ:

Շնորհակալութիւն` իրերայաջորդ դաշնակահարներուն, որոնք երաժշտական ամուր պատուար ու յենարան եղան զոյգ երգչախումբերուն:

Շնորհակալութիւն` մեծաթիւ ծնողներուն, որոնք գիտակից մղումով իրենց զաւակները վստահեցան մեզի:

Շնորհակալութիւն` համերգային մեծադիր սրահները բերնէ-բերան լեցուցած երաժշտասէր հանրութեան, որոնց սիրով ու ակներեւ յարգանքով  միշտ պարուրուած զգալս կարեւոր մասը կը կազմէ աննիւթեղէն հարստութեանս:

Իսկ մտքիս, սրտիս, հոգիիս ու կենարար յուշերուս ամէնէն խորունկ ակունքներուն մէջ իրենց անզիջելի տեղը գրաւած աւելի քան 1000 հին ու նոր սաներս կը գրկեմ անհուն սիրով ու անսահման գորովով` յիշելով մեր երգացանկի զարդերէն մէկուն յայտնի մէկ տողը. «Բաժանւում ենք, սակայն թովիչ երգն է կապում մեզ իրար հետ»:

Բարին ընդ Ձեզ:

     Ձեր`
ՊԱՐՈՆ ԶԱՔԱՐ