Կոչ Հայաստանի Իշխանութիւններուն

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Բիւրոն` վերլուծելով Հայաստանի քաղաքական իրավիճակը եւ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, այսու իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ, ի շարս այլ հարցերու, վերջին ամիսներու քաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ։

Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած անհանդուրժողական մօտեցումը, այլակարծութիւնը մերժելու եւ իշխանութիւններուն նկատմամբ քննադատութիւններուն հետապնդումներով կամ սպառնալիքներով հակազդելու փորձերը, երկրին մէջ կը ստեղծեն ճնշիչ եւ պառակտիչ մթնոլորտ, որ օր ըստ օրէ կը խորանայ։

Կոչ կ’ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն` վերացնելու Հայաստանի մէջ ստեղծուած համատարած վախի ու հալածանքի մթնլորոտը եւ հաստատելու քաղաքական առողջ յարաբերութիւններու մշակոյթ։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

13 Նոյեմբեր 2019
ՊրիւքսէլՊելճիքա