ԱՄՆ Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Արգելափակումը Հերթական Գործարքի Հետեւանք է. Արեւելագէտ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Սպիտակ տունը հանրապետական ծերակուտական Լինսի Կրահամի միջոցով արգելափակեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 150 բանաձեւին քննարկումը Ծերակոյտին կողմէ՝ հաշուի առնելով Թուրքիոյ կարեւորութիւնը ամերիկեան ռազմավարական ծրագիրներուն Մերձաւոր Արեւելքի եւ Սուրիոյ մէջ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Նոյեմբեր 15-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է  ՀՀ ԳԱԱ արեւելագիտութեան ուսումնարանի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան:

Արեւելագէտը կ՝ակնկալէր, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին ընդունումէն ետք կ՝իրականանան անդրգուլիսային բանակցութիւններ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ:

«Այդ անդրգուլիսեան բանակցութիւններուն գագաթնակէտը եղաւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը, որուն ժամանակ ներկայ եղած է ԱՄՆ հանրապետական ծերակուտական Լինսի Կրահամը: Այդ հանդիպումէն ետք ան արգելափակած է Ծերակոյտին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը: Այսինքն` ակնյայտ է, որ ձեռք բերուած են որոշակի համաձայնութիւններ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ: Հաշուի առնելով Թուրքիոյ կարեւորութիւնը ամերիկեան ռազմավարական ծրագիրներուն Մերձաւոր Արեւելքի եւ Սուրիոյ մէջ, Սպիտակ տունը ծերակուտական Կրահամի միջոցով կասեցուց բանաձեւին յետագայ ընթացքը: Հերթական անգամ տեղի ունեցաւ գործարք ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ, որ խոչընդոտեց պատմական արդարութեան եւ բարոյականութեան վրայ հիմնուած այս բանաձեւին յետագայ ընթացքը»,- ընդգծած է Սաֆրաստեան: