Սերգէյ Լաւրով Այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

Հայաստան

Հայաստան պաշտօնական այցի ծիրին մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ լաւրով ՀՀ ԱԳ փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Լաւրով ծաղկեպսակ դրած է եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ապա ջրած Յիշողութեան պուրակին մէջ 12 տարի առաջ իր տնկած եղեւնին: