Առանց ԼԵռնային Ղարաբաղի Որեւէ Համաձայնութիւն Հնարաւոր Չէ․ Լաւրով

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց  նախարար Սերգէյ Լաւրովի կարծիքով, առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին անհնար կ՛ըլլայ ձեւակերպել որեւէ համաձայնութիւն` կապուած ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն հետ:

«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Լաւրով յայտարարեց Երեւանի մէջ Նոյեմբեր 11-ին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ, պատասխանելով բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի ներկայացուած չըլլալուն մասին հարցումին:

«Աւելի առաջ, երբ դադրած էին ռազմական գործողութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղը բանակցութիւններու մասնակից էր, սակայն ինչ-որ փուլի ժամանակ  Հայաստանի նախկին նախագահներէն մէկը որոշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի շահերը պիտի ներկայացնէ Երեւանը: Որեւէ պարագային մենք, որպէս համանախագահներ, կրնանք միայն աւելցնել, որ գործընթացը ընթացած է ընդհանուր համաձայնութեամբ: Առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, անոր բնակչութեան՝ անհնար կ՛ըլլայ ձեւակերպել որեւէ համաձայնութիւն: Հայաստանը ուղղակի չի ստորագրեր»,- ըսած է Լաւրով:

Զոհրաբ Մնացականեան  նշած է, որ որպէս Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր` Հայաստանը յանձնառու է ապահովել խաղաղ կարգաւորման այնպիսի միջավայր, որ կը յարգէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները, յատկապէս` ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը առանց սահմանափակման եւ հարկադրանքի: