ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ Որ Փառաւորեց Հայ Գրականութիւնը Եւ Աստուած Փառաւորուեցաւ Իրմով

Uncategorized

Վեհանոյշ Թեքեան


Դժուար է ընդունիլ, նոյնիսկ հարիւր տարուայ հազուադէպ սահմանը անցնելէ ետք, թէ Ժագ Յակոբեան պիտի հեռանար Երկիր մոլորակէն։ Գնաց, ամէն օր Աստուծոյ փառք տալով առաւօտեան զարթնումին համար։ Խաչեալ Քրիստոս չհեռացաւ սրտէն, ոչ ալ աստուածատուր ոսկէ գրիչը՝ ձեռքէն։

Գնաց քերթողը, մնաց իր հոգիին գիրն ու աւիշը որ ողողած էր Սփիւռքը ծայրէ ի ծայր։ Հոգեկան սնունդ սերունդներու համար եւ հայաշաղախ հաց հայոց տուներու եւ վարժարաններու մէջ։

Եւ հիմա ի՞նչ մնաց. ինչ որ տուաւ ուրիշին՝ մնա՛ց։ Ինչ որ ուրիշը տուաւ իրեն՝ ա՛ն ալ մնաց։ Իր աշակերտներուն համար անմոռանալի էր իբրեւ հայերէնի դասատու։ Բժիշկ մը տարիներ առաջ ըսաւ – ո՞չ հայր ո՛չ մայր. աշխարհի մէջ մէ՛կ հոգի կը յարգեմ միայն, ուսուցիչս՝ Ժագ Յակոբեանը։ Բայց Յակոբեան կը խուսափէր փառք ու փառաբանանքէ – փառքը միայն Աստուծոյ պէտք է մատուցուի, կ՚ըսէր։ Իբրեւ նկարագիր՝ հսկայ մըն էր իր մարդասիրութեամբ, ազնուութեամբ, համեստութեամբ, Աստուածաշունչի եւ մեր գիրի ու պատմութեան հմտութեամբ, Օ՜ մանաւանդ մեսրոպաշունչ ներշնչումով։  Ամէն տող՝ հայ մարդու իր մաղէն կ՚անցնէր։ Դարերէ՜ն կու գար, եւ կ՚առաջնորդէր դէպի հաւատք ու պայքար։

Եւ հիմա հանգչած է ալեւոր քերթողը որ զորավարն էր իր ժողովուրդին եւ զինուորը Աստուծոյ։  Խաղաղած է խռովայոյզ հոգին որ գուրգուրաց Հայաստանին՝ Սփիւռքի մէջ, բայց երբեք չտեսաւ Հայաստանը այնպէս ինչպէս բազում արժանի ու անարժան գրողներ տեսան։  Պառկած է՝ խաչը կուրծքին, ժպիտն ու խաղաղութիւնը՝ դէմքին։ Համբուրենք այդ խաչը, եւ իր արեամբ գրած բանաստեղծութիւնները բերենք տուն, որ լուսեղէն մնայ Տունը. եւ կանգուն՝ քերթութեան Տաճարը։

Ուղերձը զոր գրած էի իր հարիւրամեակին առիթով՝ լաւագոյնս կը յայտնէ ինչ որ ըսել կ՚ուզէի Ժագ Յակոբեանին։

Սիրելի, շա՜տ սիրելի Ժագ Յակոբեան,

Ձեր անցած գրեթէ հարիւր տարիներու ընթացքին դուք հարիւր անգամ ապրեցաք տարուան չորս եղանակները. հետեւաբար կը հաւատանք եթէ ըսէք մեզի թէ, տարին միայն չորս եղանակ չունի, այլ՝ քառասուն, եւ այդ քառասունին երեսունինըն հայո՛ւն համար կը ստեղծուի։

«Հայ» բառին երեք տառերը սուրբ երրորդութեան նման փոխանցեցիք մեր ազգին, եւ ձեր 36,200 օրերուն իւրաքանչիւրը ապրեցաք իբրեւ հայ ուխտաւոր եւ Աստուածատուր առաքեալ։

Չեմ կրնար չմտածել թէ Դանիէլ Վարուժան նահատակուեցաւ 1915ի Օգոստոսին, եւ դուք ծնաք ճիշդ երկու տարի ետք 1917ի Օգոստոսին։ Այն օրէն որ Նիկոլ Աղբալեան լուսազօծեց ձեր տաղանդը, դուք ութսուն տարի առանց դադարի՝ Աստուծոյ ձեզի շնորհած մէկ տաղանդը վերածեցիք հարի՛ւրի։

Ձեր նորահարսին հետ երգեցիք Մեղրալուսինը։ Քերթողութեան Գաղտնի Ճամբայէն անցնելով վառեցիք ճրագները մեր նախնիներուն, նահատակներուն, տօներուն եւ աւանդութիւններուն, ձեր սերունդին եւ յաջորդող սերունդներուն համար։  Մեր տուներուն հարազատ բոյրը եղան ձեր Ժագափունջերը։ Հայաբոյր Մարգարտաշարներ են ինչ որ քերթողած էք ձեր մօր ու հօր եւ ձեր հինգ զաւակներուն մասին։ Իբրեւ Սփիւռքի բանաստեղծ ներբողեցիք հայկական կազմակերպութիւնները եւ մանաւանդ հայ վարժարանը։ Ու հակառակ ձեր դեղագործի վկայականին, երբ որ հարկ էր՝ մտաք հայկուկներու դասարաններէն ներս եւ անոնց հոգիին հաւատք ու մտքին լոյս ջամբեցիք, ինչպիսի՜ գուրգուրանքով ու հմտութեամբ։ Ձեր հազարաւոր աշակերտներէն ոմանք կը վկայեն թէ ինչպէս սիրցուցիք հայերէն լեզուն, հայութեան հայրենիքը, հայկականութեան գիտակցութիւնը։

Իբրեւ բանաստեղծ՝ առաջին օրէն ունեցաք ինքնուրոյն ոճ մը – կուռ եւ առոյգ, պատկերներու խտութեամբ ու յուզականութեամբ, բառերու շքերթով որ յաղթանակող բանակի մը քալուածքին ռիթմը կը յուշէ։ Երբեմն շեփորահար, երբեմն սրնգահար, սպարապետ ու քուրմ, արդարադատ ու սրտազեղ, միշտ հայոց հին ու նոր պատմութեամբ թաթաւուն։

Ինչ որ կատարեցիք՝ լաւագո՛յնը ըրիք։ Լաւագոյն կենակից ու հայր, որդի եւ բարեկամ, քարոզիչ ու դաստիարակ, Աստուածապաշտ ու մարդկայնասէր, բանաստեղծ եւ տեսիլքի ռահվիրայ։

Աւա՜ղ, դուք որ երկնեցիք Մասիսածին-ը, դուք որ Արարատը բարձրացուցիք Սփիւռքի բոլոր անկիւններուն ուր հազարաւոր ընթերցողներ ունէիք, դուք որ Սփիւռքի եւ Հայաստանի հաւատքի երգիչն էք, երբեք չհրաւիրուեցաք հայրենի հողին վրայ ոտք դնելու, ֆիզիքապէ՛ս հաղորդուելու։ «Հիմա արդէն ուշ է», ըսիք քանի մը տարի առաջ անհուն բարիութեամբ ու մղկտացող սիրտով, «ես հոգեկան աչքերով ամէ՛ն օր կը տեսնեմ զայն»։ Ափսո՜ս, հազար ափսոս։

Սակայն դուք միշտ երիտասարդ մնացիք։ Ո՞ր ութսունինը տարեկան ալեւորը կը հրատարակէ իրեն վաթսունհինգ տարուայ կենակից Լիլոյշին ձօնուած հատոր մը. կը յիշեմ ի՜նչ խանդաղատանքով ընթերցասանիք զանոնք Նիւ Ճըրզիի սրահի մը մէջ, զարմացնելով՝ սէրը տարիքի հետ շփոթող ունկնդիրները։ Շատեր չեն գիտեր թէ զուարթ էք բնաւորութեամբ եւ բացառիկ հիւմըրի տէր։ Ամէն հեռաձայնելուս՝ նոր հատոր մը կա՛մ հրատարակուած է, կա՛մ մամուլի տակ է։ «Այլեւս ո՞վ պիտի կարդայ» կ՚ըսէք եւ… անդադրում կը գրէք։ Նման չէք այլ գրողներու, դուք ունիք ո՛չ թէ հարց ու հարցումներ, այլ՝ պատասխաններ։

Հարիւր տարին անբաւարար է այսքան նուաճում կատարելու. բայց Աստուծոյ օրհնութիւնը՝ ձեր մտքին իմաստութիւն եւ գրիչին քաջութիւն տուաւ։ Ձեր մեծագոյն սէրը մնաց Յիսուս Քրիստոս։ Սուրբ գրային վերլուծումներու եւ բանաստեղծութեան ջահակիրն էք հոգեւոր թերթերու մէջ։ Սիրուած քերթողը մեր բեմերուն ու մամուլին։

Աստուածաշունչով արբշիռ՝ ստեղծեցիք  բազմաթիւ կարկաչուն վտակներ ու գեղահունչ յաւիտենականութիւն։ Քարոզեցիք, մխիթարեցիք անմխիթարները, անկարները,  անտեսուածները, յուսահատները, միայնակները, կարեկից եղաք ու շալկեցիք անոնց վիշտը։ Խաղաղ կեանքէ զրկուած մարդոց՝ Աստուծոյ դեղագիրը տուիք։ Գառնուկի նման քալեցիք Յիսուսի հետ, բայց առիւծի՛ պէս պաշտպանեցիք Քրիստոսը մամուլով, բեմերէն, բանիւ եւ գործով,  անոնց դէմ որ կը թերագնահատէին կամ կ՚արհամարհէին խաչեալ Փրկիչը։ Ձեր փոյթը իսկ չէ թէ ձեզ «րուհճի» կ՚անուանեն – ընդհակառակը՝ կ՚ուրախանաք որ հոգեւոր կը նկատուիք։ Մինչեւ հիմա կը զարմանամ թէ ինչո՞ւ Գրիգոր Նարեկացին «րուհճի» չի կոչուիր։

Դուք որ մի՛շտ խուսափեցաք փառք ու պատիւէ, պնդելով թէ միայն Աստուա՛ծ արժանի է անոր, այս երեկոյ ընդունեցէ՜ք այս սկիհը՝ սիրոյ ու յարգանքի, որովհետեւ դուք հոգեհա՛յրն էք Հաւատքի եւ Հաւատարմութեան։ Այս սկիհին մէջ միախառնուած են հայ ժողովուրդէն բխած՝ սիրոյ մարգարիտ, կարօտի ձայն եւ խաղաղութեան օրօր։

Եւ օր մը երբ Հայր Աստուած որոշէ բարձրացնել ձեզ այս աշխարհէն՝ պիտի ըսէ. «Եկո՛ւր որդեակ, դուն որ հաւատքը պահեցիր, բարի գործերը կատարեցիր, մտի՛ր քու Տիրոջդ արքայութեան մէջ»։