Իրանի Մէջ Երկրաշարժ․ Հայաստան Իր Օգնութիւնը Կ՛առաջարկէ Հարեւան Պետութեան

Աշխարհ, Հայաստան

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Երկրաշարժական ծառայութեան կողմէ Նոյեմբեր 8-ին, տեղական ժամանակով ժամը 02:47-ին արձանագրուած է Իրանի Արտեպիլ քաղաքէն 45 քմ․ հարաւ, ՀՀ Մեղրի քաղաքէն 210 քմ․ հարաւ-արեւելք-ի մէջ  5.9 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ:  ՀՀ ԱԻՆ-ը կը տեղեկացնէ, որ կենտրոնական գօտիին մէջ ստորգետնեայ ցնցումին ուժգնութիւնը կազմած է 8-9 բալ:

Երկրաշարժը արջանագրուած է ՀՀ Սիւնիքի մարզի Կապան, Մեղրի եւ Գորիս քաղաքներուն մէջ` 4, Վայոց ձորի Եղէգնաձոր եւ Վայք քաղաքներուն մէջ` 3-4, Արարատի Արարատ քաղաքին մէջ եւ Երեւանի մէջ` 3 բալ ուժգնութեամբ: Զոհերու եւ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւնը կը ճշդուին:

Ըստ «Ռիա Նովոսթի» լրատուական գործակալութեան երկրաշարժի հետեւանքով կայ 5 զոհ եւ 120 վիրաւոր:

Իրանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան հեռախօսազրոյց ունեցած Հայաստանի մէջ Իրանի փոխդեսպան Ալի Մոհամմատ Մոթաղիի հետ եւ խնդրած է իր ցաւակցութեան ու մխիթարանքի խօսքերը փոխանցել բարեկամ Իրանի ժողովուրդին, զոհերու հարազատներուն, իսկ վիրաւորներուն մաղթած է շուտափոյթ ապաքինում:

Ցոլակեան փոխդեսպանին առաջարկած է փրկարարական ուժեր գործուղել աղէտի գօտի, ինչպէս նաեւ ցուցաբերել այլ անհրաժեշտ օժանդակութիւն: