Արայիկ Յարութիւնեան Սպառնաց ՀՅԴ Երիտասարդներուն Տարած Արկղերը Լեցնել Քրէական Գործերով

Uncategorized, Հայաստան

«Կը պատրաստեմ այն արկղերը, որ երէկ բերած էին, լեցնել տասնեակ եւ շատ աւելի քրէական գործերով, որոնք կը վերաբերին այս ոլորտին եւ ետ ուղարկել իրենց», սպառնաց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան՝ Նոյեմբեր 7-ի կառավարութեան նիստէն ետք ճեպազրոյցին ընթացքին անդրադառնալով ՀՅԴ ՀԵՄ-ի ցուցարարներուն՝ նախարարին իրերը հաւաքելու եւ հեռանալու նպատակով տարած արկղերուն:

Հակազդելով լրագրողներու տարակուսանքին, որ՝ եթէ Արայիկ Յարութիւնեան տեղեակ է քրէական գործերուն մասին, ինչո՞ւ չի հրապարակեր զանոնք, նախարարը ետքայլ կատարեց՝ արդարանալով, որ ատիկա իրենց գործառոյթը չէ եւ խնդրած է դատախազութեան ու Քննչական կոմիտէին՝ տրամադրելու քրէական գործերու ցանկեր, որպէսզի իր իրերը հաւաքելու համար բերուած արկղերը լեցնէ անոնցմով ու վերադարձնէ:

Ան ըսաւ, որ խօսքը Լեւոն Մկրտչեանի մասին չէ, այլ անոնց համակարգին, ապա  յստակեցուց սպառնալիքը. «Մէկուկէս տարի անդրադարձ չեմ կատարած իմ նախորդին՝ Լեւոն Մկրտչեանի գործունէութեան՝ մտածելով, որ ատիկա աւելորդ ժամանակ պիտի խլէ ինձմէ, բայց ձեռնամուխ պիտի ըլլամ ատոր»:

Անդրադառնալով հրաժարականի պահանջքին, Արայիկ Յարութիւնեան ըսաւ. «Ես պատրաստ եմ հրաժարական տալու այն ժամանակ, երբ կարծեմ, որ իմ լիազօրութիւնները բաւարար չեմ կատարեր»: