Արցախի Մէջ Պիտի Կայանայ Արցախեան Պատերազմին Նուիրուած «Լուսաբացից Առաջ» Ներկայացումը

Այլեւայլ, Հայաստան

Ստեփանակերտի «Վահրամ Փափազեան»ի անուան պետական թատրոնին կողմէ շուտով հանդիսատեսի դատին պիտի յանձնուի «Լուսաբացից առաջ» ներկայացումը՝ ըստ երիտասարդ գրող Հերմինէ Աւագեանի «Պատերազմ… Աչքեր… Ծաղիկներ» գիրքին բեմականացման:

Ներկայացման առաջ՝ Ստեփանակերտի «Վահրամ Փափազեան»ի անուան պետական թատրոնը, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի գրասենեակին հետ համատեղ, 6 Նոյեմբերին կայացաւ մամուլի ասուլիս:

Ստեփանակերտի թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ռուզաննա Խաչատրեան ըսաւ, որ ներկայացման մէջ փորձած են ամփոփել հերոսի ձեւաւորուած կերպարը: Հերոս, որ պատերազմի եւ մեր գոյութեան պայքարի մէջ մտցուց յաղթելու եւ ապրելու բանաձեւը: Ըստ անոր՝ մէկ տարի առաջ, երբ լոյս տեսաւ Հերմինէ Աւագեանի «Պատերազմ… Աչքեր… Ծաղիկներ» գիրքը, ծանօթանալով ստեղծագործութեան, իբրեւ բեմադրիչ ան պատկերացուցած է բեմական տարբերակն ու կենդանի հերոսներուն պատմութիւնը:

Ծրագիրի իրականացման աջակցեցան Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը, Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը, «Ղարաբաղ Տելեկոմ», Արցախի հանրային պատկերասփիւռի եւ «Pace» ընկերութիւնները եւ այլ կազմակերպութիւններ:

Իր հերթին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի գրասենեակի ղեկավար, ստեղծագործութեան հեղինակ Հերմինէ Աւագեան նշեց, որ գիրքին բեմականացումը համարձակ քայլ էր նաեւ իրեն համար, քանի որ երբեւէ թատրոնի համար որեւէ ստեղծագործութիւն չէր գրած: Անդրադառնալով ներկայացման անունին՝ Հ. Աւագեան ըսաւ, որ լուսաբացը ազատամարտի ժամանակ ոտքի կանգնած բոլոր մարտիկներու ու ժողովուրդին երազանքն է, որ կը խորհրդանշէ ազատ ու անկախ հայրենիք ունենալու գաղափարը:

Ներկայացման համար գրուած է նաեւ յատուկ երաժշտութիւն, որուն հեղինակը Վաչէ Շարաֆեանն է:

Թատրոնի անդրանիկ ներկայացումը նախատեսուած է կատարել 5-6-7 Դեկտեմբերին։