Թող Նստի Հայելիի Առջեւ ու Մտածէ՝ Ինչ Մեծագոյն Վատութիւններ Կը Գործէ Նախարարութենէն Ներս. Գեղամ Մանուկեան՝ Ի պատասխան Արայիկ Յարութիւնեանի

Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր, Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին, ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեան՝ խօսելով ՀՅԴ ՀԵՄ-ի վերջին օրուան նախաձեռնութիւններուն մասին՝ ըսած է,- «դաշնակցականներու անդաստիարակ պահուածքը պատիւ չի բերեր հին կուսակցութեան»:

ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան ArmDaily.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Արայիկ Յարութիւնեանի վերջին երկու օրերու յայտարարութիւնները ե՛ւ նախարարի, ե՛ւ համալսարանի նախկին դասախօսի մակարդակէն շատ աւելի ցած են. «Նոյնիսկ տարրական մարդկային, սովորական մարդ արարածի պահելաձեւէն շատ աւելի ցած է, ողբալի է, որ նման կրթութեան նախարար ունինք: Արայիկ Յարութիւնեանը պէտք է հասկնայ, որ այդ անդաստիարակ ձեւակերպումով, կը խօսի իր համակարգի հազարաւոր ուսանողներու մասին»: Մանուկեանի խօսքով՝ իր դասաւանդած արաբերէն լեզուն Արայիկ Յարութիւնեանը այդպէս ալ չսորվեցաւ. «Այդպէս ալ չսորվեցաւ նաեւ դաշնակցութեան կառոյցն ու անցեալը: Ժամանակին լեւոնտէրպետրոսեանական դուրսի ու ներսի դաշնակցութիւն բաժնելու այդ արատաւոր երեւոյթը, զոր Արայիկ Յարութիւնեանը կը փորձէ կիրառել, ուղղակի ողբալի է: Ան պէտք է հասկնայ ԿԳՄՍ նախարարը վաղը դարձեալ պիտի երթայ Սփիւռք, ինչպէ՞ս պիտի  նայի անոնց աչքերուն: Դաշնակցութիւնը մէկն է Երուսաղէմի, թէ մէկ այլ երկրի մէջ: Յարութիւնեանը չէ հասկցած, որ Սփիւռքի մէջ Դաշնակցութիւնը, եթէ զինք բարիացակամ դիմաւորած է, ո՛չ թէ զինք դիմաւորած է, այլ դիմաւորած է ՀՀ ներկայացուցիչը»:

Արայիկ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ նշած էր, որ նախորդ տարուայ իրադարձութիւններէն ետք դաշնակցականները այլ կեցուածք պէտք է դրսեւորէին. «Նախ հասկնային, թէ ինչու մերժուեցան հասարակութեան կողմէ եւ երկրորդը՝ փոխէին անձերը, որովհետեւ անոնք կը տապալեն Դաշնակցութիւնը»:

Գեղամ Մանուկեանն ալ նշած է, որ Արայիկ Յարութիւնեանը լաւ կ’ըլլայ հաշուէ, թէ «Իմ քայլ»-ի մէջ քանի հոգի ամենավերջին բառերով կ’արտայայտուին իր նախաձեռնութիւններուն մասին. «Թող դադրի ուրիշներուն դաս տալէն: Թող նստի հայելիի առջեւ ու մտածէ՝ ինչ մեծագոյն վատութիւններ կը գործէ նախարարութենէն ներս»: